Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Հըզպալլան կը մերժէ Լիթանի գետի հիւսիսային շրջանին մէջ զէնքը յանձնել»:
«Պետութիւնը ամբողջ երկրին մէջ զէնքի մենաշնորհման հարցը կը հետապնդէ եւ անկէ ետդարձ պիտի չկատարէ», ըսաւ փոխվարչապետը:
Ան սէուտական պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց. «Կը մերժենք երկիրը ներքաշել շրջանային պատերազմի մէջ կամ զայն վերածել ուրիշներու պատերազմի բեմի»:
Մըթրի յոյս յայտնեց, որ «Թեհրանի դէմ պատերազմի շղթայազերծման պարագային Հըզպալլան այս անգամ խելօք ըլլայ»:
«Սուրիոյ հետ ցամաքային սահմանագծումը պիտի սկսի մօտ օրէն», յայտարարեց փոխվարչապետը: