Միշել Աուն. «Պետական Ամավարկը Անիրաւութիւնը Կ՛ամրագրէ, Վնասները Կ՛օրինականացնէ Եւ Քայքայման Գինը Ժողովուրդին Ուսերուն Կը Բեռցնէ»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշել Աուն յայտնեց, որ պետական ամավարկի որդեգրումը կու գայ հաստատելու, թէ անիկա «ամավարկ մըն է, որ անիրաւութիւնը կ՛ամրագրէ` փոխան զայն դարմանելու, վնասները կ՛օրինականացնէ` փոխան անոնց պատճառները բացայայտելու, քայքայման գինը տուրքերը աւելցնելով ժողովուրդին ուսերուն կը բեռցնէ` առանց անոր պատասխանատուները որեւէ հաշուետուութեան ենթարկելու եւ առանց իրաւունքներու վերատիրացման յստակ ծրագիրի»:

«Ճշմարտութիւնը իմանալը եւ հաշուետուութիւնը քաղաքական շքեղութիւն չեն, այլ լիբանանցիներուն թալանուած իրաւունքներուն պարզագոյնը, եւ դարմանման ու քայքայումէն դուրս գալու ճամբու սկիզբը», շեշտեց նախկին նախագահը:

Leave a Comment