Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան ուրբաթօրեայ նամազի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ամենայն անկեղծութեամբ, լիբանանեան պետութիւնը վերստին կը կատարէ իր պատմական դերակատարութիւնը` դիտաւորեալ, նպատակաւոր եւ բացայայտ կերպով Պեքան, Հարաւը եւ Հարաւային արուարձանները լքելով:
«Կը ցաւինք ըսելու, որ կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն վերացնել կամ չէզոքացնել շիի համայնքը, եւ պետութիւնը խստօրէն կը մեղադրուի այս հարցին մէջ: Լիբանանցի ժողովուրդը պէտք է զօրակցի հայրենասէր ու զոհաբերող շիի համայնքին հետ ոչ տկար դիրքէ մեկնելով, այլ լիբանանեան ընտանիքէն իրարու նկատմամբ պահանջուածէն մեկնելով», նշեց ան:
«Անոնք, որոնք օրինականութիւն կը պահանջեն, պէտք է առաջ գան եւ իրենց իշխանութիւնն ու գերիշխանութիւնը տարածեն Լիթանի գետի հարաւային ափին վրայ: Իսկական տղամարդութիւնը այնտեղ է` առաջնագիծին վրայ, եւ ոչ թէ գետի հիւսիսին մէջ:
«Այս դատարկ հռետորաբանութեան խումբը, օրինականութեան, գերիշխանութեան եւ զէնքի մենաշնորհի այս երգչախումբը կը ձգտի Լիբանանը զրկել իր մեծագոյն իշխանութենէն` զայն ձգելով սիոնական գազանի զոհ: Դժբախտաբար, կառավարութիւնը անտեղեակ է Լիբանանի շահերէն, եւ այս չարամիտ վարքագիծը կը սպառնայ կլանել երկիրը: Գերիշխան իրականութեան այս աղաւաղումը ամերիկեան նողկալի նախագիծ է, եւ աւելի ցաւալի է, որ այս կառավարութեան մէջ ոմանք համարեայ հեզասահ եբրայերէն կը խօսին», յայտնեց Ժաաֆարականներու միւֆթին:
«Մեր հողին վրայ` հարաւային Լիբանանէն մինչեւ Պեքա եւ Հարաւային արուարձաններ, տեղի կ՛ունենայ անողոք, դաւաճանական եւ անամօթ պատերազմ, կ՛իրականացուին շարք մը նախագիծեր, որոնք ուղղուած են շիի համայնքը խեղդելու, ջախջախելու եւ պաշարելու` զայն ոչնչացնելու համար: Բայց եւ այնպէս, տեղի ունեցողը լիբանանեան պետութեան հոգերուն վերջինն է, եւ երբեմն անիկա նոյնիսկ ատոր մէկ մասը կը կազմէ, կարծէք երկիրը բաժնուած կամ մասնատուած ըլլայ, կամ կարծէք բաղկացած ըլլայ համայնքային գաղութներէ, պատնէշներէ կամ ինքնութեան վրայ հիմնուած կոտորածի վերանորոգ նախագիծերէ», նշեց շէյխ Քապալան: