Յայտարարութիւններ (23 Յունուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

ԻԶԱՊԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի (մահացած Քանատա, 13 յունուար 2016-ին) հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 25 յունուար 2026-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

ԾԱՆՕԹ.- Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ հոգեսուրճ պիտի մատուցուի:

————————————–

Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կ՛ուզենք տեղեկացնել, թէ Սուրբ Սարգիսի ծոմապահութիւնը երկուշաբթի, 26 յունուարէն մինչեւ չորեքշաբթի, 28 յունուար:

Ծոմ պահող բոլոր հաւատացեալներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ չորեքշաբթի, 28 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 5:30-ին տեղի պիտի ունենայ խոստովանանքի կարգ, որմէ ետք պիտի կատարուի Ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ պիտի տրուի Սուրբ Հաղորդութիւն:

ԾԱՆՕԹ.- Այն հաւատացեալները, որոնք փափաք ունին մատաղցու կամ նիւթական նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին Թաղական խորհուրդի գրասենեակ դիմել մինչեւ շաբաթ, 31 յունուար, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, հեռաձայնելով 01/259861 թիւին:

ՆՈՐ ՍԻՍԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

Leave a Comment