Շաբաթավերջին Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ Մայքըլ Քարիքի հետ իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Փեփ Կուարտիոլայի Մանչեսթըր Սիթին` արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը 2024-ի դեկտեմբերէն ի վեր Մանչեսթըրի տերպիի մրցումին:
Փեփ սովորական իր մրցումը կը կիրարկէր` գնդակին տիրապետելով, մինչ Եունայթըտ արագ հակայարձակումներու վստահած էր բնականաբար: Ափրիկէի Ազգերու ախոյեանութիւնը աւարտելէ ետք, վերադարձած էին Պրայըն Էմպումօ եւ Ամատ Տիալլօ, անոնք եւ Պրունօ Ֆեռնանտեշ իրենց նախընտրած դիրքով կրցան լաւ ֆութպոլ կիրարկել: Անշուշտ 20 տարեկան Քոպի Մէյնոսն ալ վերադարձած էր եւ պրազիլցի Քասեմիրոյի հետ պաշտպանող միջնապահ դիրքի վրայ բաւական լաւ էր:
Տը Լիխթ եւ Մազրաուի բացակայ էին, առաջինը վիրաւոր էր, իսկ երկրորդը Մարոքի հետ տակաւին Ափրիկէ կը գտնուէր:
Սիթիէն կը բացակայէին Ճոն Սթոնզ, Եոշքօ Կվարտիոլ, Ռուպեն Տիաշ եւ Օմար Մարմուշ (Ափրիկէ կը գտնուի):
Առաջին կիսախաղին Եունայթըտ 2 կոլ նշանակեց, բայց Տիալլոյի եւ Ֆերնանտեշի կոլերը չվաւերացուեցան օֆսայտի պատճառով: Էմպումօ (65-րդ) եւ Տորկու (76-րդ) կրցան նշանակել Բ. կիսախաղին, եւ Մէյսըն Մաունթ 92-րդ վայրկեանին կոլ մըն ալ աւելցուց, որ սակայն օֆսայտի պատճառով չվաւերացուեցաւ:
Առաջին դիրքը գրաւող Արսենալ չկրցաւ կոլ նշանակել Նոթինկհամի «անտառ»-ին մէջ: Ըստ երեւոյթին, Միքել Արթեթայի մարզիկները կորսնցուցած էին բերդին ճամբան: