Արժանթինի կառավարութիւնը Լիբանանի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան մասնաճիւղերը ներառեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ: Այս մասին յայտարարեց Արժանթինի նախագահ Խաւիեր Միլիի գրասենեակը:
Նախքան այդ, անոր դաշնակից Միացեալ Նահանգներու նախագահը 1928 թուականին Եգիպտոսի մէջ հիմնուած կազմակերպութեան դէմ նոյն քայլը որդեգրած էր:
Արժանթինեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ իր որոշումը հիմնուած է «պաշտօնական զեկուցումներու վրայ, որոնք կ՛ապացուցեն գոյութիւնը անդրսահմանեան բնոյթի ապօրինի գործունէութիւններու, որոնք կը ներառեն ահաբեկչական արարքներ, բիրտ ծայրայեղականութեան հրապարակային կոչեր, ինչպէս նաեւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապեր, եւ Արժանթինի հանրապետութեան վրայ անոր հաւանական ազդեցութիւնը»: