Յայտարարութիւններ (15 Յունուար 2026) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերուհիներէն`

ՇԱՂԻԿ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տիկին Սիլվա Պալեան-Սաղըրեան
Տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Հերա Քիթապճեան
Տիկին Սալբի Գէորգեան եւ զաւակը` Քրիստափոր
Տիկին Մարիամ Քիթապճեան եւ ընտանիք
Տիկին Մատլեն Գէորգեան եւ ընտանիք
Տիկին Սիլվա Քէշիշեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Մունա Աւետիսեան եւ զաւակունք
Տիկին Արփի Ֆահիլպաշեան եւ ընտանիք
Սաղըրեան եւ Պալեան ընտանիքներ
Քիթապճեան եւ Գէորգեան ընտանիքներ
Աւետիսեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Ֆահիլպաշեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`

ՀՐԱՅՐ Ե. ՍԱՂԸՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 15 յունուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 14 յունուար 2026-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, հինգշաբթի, 15 յունուարին, թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 16 յունուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:

ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին տոքթ, Վարանդ եւ Էյմի Արզումանեան եւ զաւակները` Վան եւ Ալիք
Տիկին Անայիս Շամլեան եւ ընտանիք
Տիկին Շաքէ Արզումանեան եւ ընտանիք
Արզումանեան եւ Ուակնըր ընտանիքներ
Բրուտեան եւ Յովակիմեան ընտանիքներ
Հալէպլեան եւ Սաքաճեան ընտանիքներ
Իփճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, եղբօր աղջկան, քրոջ աղջկան եւ հարազատին`

ՇԱՂԻԿ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1972-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 18 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին անդամ, «Ծառայութեան» շքանշանակիր եւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական

ՀՐԱՅՐ Ե. ՍԱՂԸՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին:

————————————–

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր նախկին վարչականին, վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական

ՀՐԱՅՐ Ե. ՍԱՂԸՐԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 13 յունուար 2026-ին:

————————————–

 

Leave a Comment