Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանը` իբրեւ Հնգեակ յանձնախումբի ներկայացուցիչ, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի:

Պըրրի գնահատեց «Լիբանանին ու իրմէ պահանջուածը ամբողջացուցած անոր բանակին աջակցութեան ֆրանսական եւ բոլոր պետութիւններու ջանքերը»:

«Լիբանան յարգեց ու կը յարգէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը եւ նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութիւնը», վերահաստատեց ան:

«Իսրայէլ պէտք չէ Լիբանանի դէմ իր յարձակումն ու լիբանանեան գերիշխանութեան առօրեայ ոտնահարումը շարունակէ, ինչպէս նաեւ շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան հողերէն բաժիններ բռնագրաւել», շեշտեց Պըրրի:

Հանդիպումի ընթացքին նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Փարիզի մէջ 5 մարտին գումարուելիք լիբանանեան բանակին ու ապահովական ուժերուն աջակցութեան խորհրդաժողովին:

Պըրրի նաեւ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Շարլ Հաժը եւ անոր հետ քննարկեց հաղորդակցութեան մարզին վերաբերող հարցերն ու վերջին զարգացումները:

 

 

Leave a Comment