Միացեալ Նահանգներ Կը Նախատեսեն 2-2,5 Տարուան Ընթացքին Նոր Դասի Մարտանաւեր Կառուցել

Միացեալ Նահանգներ կը նախատեսեն 2-2,5 տարուան ընթացքին նոր դասի մարտանաւեր կառուցել: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

«Մենք, հաւանաբար, կը խօսինք 2 կամ 2,5 տարուան մասին: Ասիկա հակայարձակում է», ընդգծած է Սպիտակ տան ղեկավարը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞ւ դէմ ուղղուած է նաւաշինութեան ծրագիրը եւ արդեօք անիկա Չինաստանի դէ՞մ ուղղուած է:

Թրամփ նշած է, որ շատ լաւ հաղորդակցութիւն ունի Չինաստանի հետ:

«Ես հիանալի յարաբերութիւններ ունիմ նախագահ Շիի հետ», ըսած է Թրամփ:

 

Leave a Comment