Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

Իրանի մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու ճնշման հետեւանքով զոհերու թիւի կտրուկ աճէն ետք, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտարարած է, որ Պրիւքսել նոր պատժամիջոցներ պիտի առաջարկէ Իրանի նկատմամբ:

«Իրանի մէջ զոհերու աճող թիւը սարսափեցնող է: Ես միանշանակ կը դատապարտեմ ուժի կիրարկումը եւ ազատութեան շարունակական սահմանափակումը», գրած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը` աւելցնելով. «Բռնաճնշումներու համար պատասխանատուներուն նկատմամբ լրացուցիչ պատժամիջոցները արագօրէն պիտի առաջարկուին»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս իր կարգին աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ պատրաստ է նոր պատժամիջոցներ առաջարկելու Թեհրանի նկատմամբ` ի պատասխան ցուցարարներուն նկատմամբ կիրարկուած բռնութիւններու:

«Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ լայնածաւալ պատժամիջոցներ կիրարկած է Իրանի նկատմամբ` մարդու իրաւունքներու խախտումներու, հիւլէական զէնքի տարածման գործունէութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ տարուող պատերազմին Թեհրանի աջակցութեան համար», գերմանական «Տի Վելթ» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Քայա Քալլաս` ընդգծելով. «Ես պատրաստ եմ առաջարկելու լրացուցիչ պատժամիջոցներ` ի պատասխան վարչակարգին կողմէ ցուցարարներուն նկատմամբ դաժան բռնաճնշումներուն»:

Իրանի մէջ հակակառավարական ցոյցերու ժամանակ մօտ երկու հազար մարդ զոհուած է, «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է իրանցի պաշտօնեայ մը:

Երկրին մէջ համացանցն ու հեռաձայնային կապը տակաւին անհասանելի են, թէեւ հաղորդումներ կան, որ երկրէն կարելի եղած է որոշ միջազգային հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարել: Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները կը զգուշացնեն, որ զոհերու թիւը կրնայ աւելնալ: Այս պահուն Իրանէն լուրեր չեն հասնիր, թէ արդեօք հակակառավարական ցոյցերը կը շարունակուի՞ն:

Leave a Comment