Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը այս տարի Պոլիսէն Երեւան կանոնաւոր թռիչքներ պիտի կատարէ:

Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ:

Ան նշած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ քայլ մը եւս կատարուած է:

Քըլըչի համաձայն, Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը 11 մարտ 2026-էն սկսեալ պիտի սկսի Պոլիս-Երեւան-Պոլիս երթուղիով ամէնօրեայ կանոնաւոր թռիչքները:

Leave a Comment