Ս. Էջմիածինը Կը Հակադարձէ Անջատուած Եպիսկոպոսներու Ստորագրած Յայտարարութեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հեռացումը պահանջող10 արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները նախանցեալ օր «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ բարենորոգման յայտարարութեամբ» հանդէս եկած են:

Ճանապարհային քարտէսի հինգ կէտերով կը նախատեսուի «բարենորոգման օրակարգի հանրահռչակում, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացում (հանգստեան կոչում), սահմանուած կարգով կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն, Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ընդունում … սահմանուած կարգով Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւն»: Ստորագրուած յայտարարութեան մէջ, փաստօրէն, ներառուած են Փաշինեանի նախապէս կատարած մէկ գրառումին կէտերը:

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինէն երէկ հակադարձեցին, որ «Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի ձեռնարկած գործողութիւնները ուղղակի կ՛ոտնահարեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը, կը խախտեն թէ՛ միջազգայնօրէն, թէ՛ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ իրաւունքները»:

«Նման հակաեկեղեցական գործընթացներու մէջ եպիսկոպոսներու ներգրաւումը, քահանայից դասի նկատմամբ կիրարուող ճնշումները դատապարտելի են: Եկեղեցւոյ կեանքին առնչուող խնդիրներու քննարկումները կը կատարուին բացառապէս եկեղեցական համապատասխան մարմիններուն մէջ, կանոնական կարգաւորումներու համաձայն: … Եկեղեցւոյ կանոնակարգային հարցերը եւ բարենորոգումը վերապահուած չեն ինքնահռչակ խորհուրդի, այլ` Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան` իր բարձրագոյն կառոյցներով», նշուած է Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգի հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Նման անխոհեմ քայլերը կրնան յանգեցնել հերձուածի` ցաւալի հետեւանքներով»:

Փաշինեանի հակակաթողիկոսական արշաւի եօթը ամիսներուն ընթացքին Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հեռանալու ոչ մի ակնարկ կատարած է: Տարեմուտի իր ուղերձին մէջ վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղած էր դադրեցնելու «եղբայրադաւութեան քայլերը»:

 

Leave a Comment