Սուրիա – Իսրայէլ Բանակցութիւններ

Իսրայէլեան աղբիւր մը «Մաարիւ»-ին յայտնած է. «Սուրիոյ հետ բանակցող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեն Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու վարչապետ Նեթանիահուի զինուորական քարտուղարը»:

Աղբիւրը իսրայէլեան օրաթերթին նշած է. «Սուրիոյ հետ բանակցութիւններուն նպատակը կայունութեան եւ վտանգներու նուազեցման ձգտումն է, եւ ոչ թէ` քաղաքական բեկումի իրագործումը»:

Բանակցութիւնները երէկ ընթացք առին Փարիզի մէջ:

 

Leave a Comment