Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի գերեվարումէն ետք «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Մեզի վենեզուելական քարիւղ պէտք չէ: Մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ ունինք բաւականաչափ սեփական քարիւղ: Այն, ինչ որ մենք չենք արտօներ, Վենեզուելայի քարիւղային արդիւնաբերութեան Միացեալ Նահանգներու հակառակորդներուն կողմէ վերահսկումն է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Չինաստանին անհրաժեշտ է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Ռուսիոյ պէտք է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Իրանին անհրաժեշտ է: Անոնք նոյնիսկ այս ցամաքամասին վրայ չեն: Ասիկա արեւմտեան կիսագունդն է: Ասիկա այն վայրն է, ուր մենք կ՛ապրինք»:

Leave a Comment