Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ պահանջեց, որ Դանիոյ պատկանող եւ ինքնավարութիւն վայելող Կրինլանտ շրջանը մաս կազմէ Միացեալ Նահանգներուն:

Թրամփ «Տը Աթլանթիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կրինլանտին կարիքը ունինք: Հաստատօրէն անոր կարիքը ունինք անվտանգութեան համար»:

Ան Կրինլանտը նկարագրեց իբրեւ «ռուսական ու չինական նաւերով շրջապատուած»:

Պատասխանելով Վենեզուելայի մէջ զինուորական գործողութիւնը Կրինլանտի մէջ Միացեալ Նահանգներու հաւանական քայլին ցուցանիշ ըլլալու մասին հարցումին` Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Ուրիշներուն ձգուած է որոշել, թէ Վենեզուելայի մէջ ամերիկեան զինուորական քայլը Կրինլանտի համար ի՛նչ կը նշանակէ: Ատիկա իրենք պէտք է սերտեն: Ես չեմ գիտեր»:

«Վենեզուելան կրնայ ամերիկեան միջամտութեան ենթարկուող վերջին երկիրը չըլլալ», աւելցուց Թրամփ:

Դանիոյ վարչապետ Մեթէ Ֆրետերիքսեն հակադարձեց Թրամփին` յայտնելով. «Միացեալ Նահանգներուն Կրինլանտին տիրելու կարիքի մասին խօսակցութիւնը բացարձակապէս անիմաստ է: Միացեալ Նահանգներ իրաւունք չունին Դանիոյ թագաւորութեան երեք շրջաններէն մէկը իրենց կցելու»:

 

Leave a Comment