Ապտելաթի. «Զէնքի Մենաշնորհման Եւ Զայն Պաղեստինեան Համապարփակ Հովանիի Տակ Հաւաքագրման Շուրջ Համաձայնութիւններ Կան»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի յայտնեց, թէ Եգիպտոսի, Համաս շարժումի եւ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ Կազայի մէջ յաջորդ փուլի դասաւորումներու ծիրին մէջ գործակցութիւն ու շարունակուող ներգրաւուածութիւն գոյութիւն ունի:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ զէնքի մենաշնորհման եւ պաղեստինեան համապարփակ հովանիի տակ հաւաքագրման շուրջ համաձայնութիւններ գոյութիւն ունին, եւ ատիկա «ուղղուածութիւն մըն է, որուն շուրջ պաղեստինեան խմբաւորումներուն միջեւ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»:

Ան յայտնեց, որ այս առումով գոյութիւն ունի կարեւոր բնորդ մը, որ զէնքի մենաշնորհման Հիւսիսային Իրլանտայի բնորդն է:

Ապտելաթի ընդգծեց, որ պաղեստինցիներուն տեղահանումը կը շարունակէ Եգիպտոսի համար նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ ճշդուած կարմիր գիծ մը ըլլալ:

«Եգիպտոս պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ որեւէ անիրաւութեան մասնակից պիտի չըլլայ», շեշտեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը:

Ան քննադատեց Կազայի մէջ կեանքը անկարելի դարձնելու ճամբով «կամաւոր տեղահանութիւն» բառախաղը:

Ապտելաթի ընդգծեց, որ իր երկիրը ամբողջովին կը մերժէ բռնի կամ կամաւոր տեղահանութիւնը` հակառակ իր դիրքորոշումէն ետդարձ կատարելու համար նախապէս ստացած առատաձեռն առաջարկներուն:

 

Leave a Comment