Ապտալլա Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Ցուցակ Մը Կ՛առաջարկէ

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Պիլալ Ապտալլա նշեց. «Ընտրական օրէնքի անհրաժեշտ փոփոխութիւններու ենթադրական ցուցակ` հետեւեալ կէտերով. որդեգրել 18 տարեկանը, կիներու 30 առ հարիւրի չափաբաժին, փակ ընտրացանկեր, վարկանշային քուէի ջնջում, համայնքներու հաւասար կիսում, սակայն համեմատականութեամբ, խառն ընտրաշրջաններ, տեղակալ երեսփոխաններ, մագնիսացուած քարտ, ելեկտրոնային քուէարկութիւն, ընտրական ծախսերու լուրջ հսկողութիւն, ապահովական ուժերու անդամներու քուէարկութեան արտօնում եւ արտերկրի լիբանանցիներուն իրենց կեցութեան վայրերուն մէջ 128 երեսփոխաններու քուէարկութիւն»:

Leave a Comment