Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը կիրակի կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային ու միջազգային զարգացումները: Այս մասին հաղորդեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու շուրջ քննարկում ու տեսակէտներու փոխանակում կատարուած է:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Եմէնի հարաւի մէջ զարգացումներու մասին խօսելով անհրաժեշտ նկատած է երկրին միասնականութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ ճամբու քարտէսի գործադրումը:
Արաղչի դատապարտած է Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումը եւ շեշտած Թել Աւիւի յարձակումի եւ լիբանանցի ժողովուրդին դէմ ոճիրներու դադրեցման համար միջազգային ընտանիքի եւ զինադադարի երաշխաւոր երկիրներու պատասխանատուութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին շեշտած է խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման համար շրջանի պետութիւններուն միջեւ համախոհութեան եւ գործակցութեան շարունակման կարեւորութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ Պըն Ֆարհան իշխանը Իսրայէլը հաշուետուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը շեշտած է: