Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներէն Պասսամ Պարպանտի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ երկրին մէջ կայունութեան քայքայման փորձեր գոյութիւն ունին:
Ան ըսած է, թէ կառավարութիւնը ցոյցերուն առիթ ընծայած է, «որովհետեւ նոր Սուրիոյ մէջ ենք»:
Պաշտօնատարը շեշտած է, որ տեղի ունեցողը «պետութեան խափանում» է` նշելով. «Գոյութիւն ունին կայունութիւնը քայքայելու յայտարարուած արտաքին օրակարգեր»:
Երէկ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ դաշնակցային դրութեամբ եւ քաղաքական ապակեդրոնացումով վարչակարգ պահանջող ցոյցեր տեղի ունեցան: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը, հաղորդեց, որ սուրիական ուժերու կողմէ ցոյցերը ցրուելու ընթացքին երկու զոհ արձանագրուած է:
Լաթաքիա նահանգին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու հրամանատար գնդապետ-զօրավար Ապտելազիզ Ահմետ յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախկին վարչակարգին հետեւորդ «կարգ մը ահաբեկչական տարրեր, ոմն Ղազալ Ղազալի կոչ ուղղած բողոքի ցոյցերուն ընթացքին Լաթաքիա նահանգի Լաթաքիա եւ Ժապլէ քաղաքներուն մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներուն վրայ յարձակում գործեցին, այդ պատճառով ալ մեր կարգ մը անդամները վիրաւորուեցան եւ յատուկ առաքելութեան ու ոստիկանութեան պատկանող ինքնաշարժեր կոտրտուեցան»:
Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ ձերբակալուած է անձ մը, որ Լաթաքիոյ Ազհարի հրապարակին վրայ ցոյցերու ընթացքին ապահովական ուժերուն ուղղութեամբ կրակ բացած է:
Ապահովական աղբիւր մը «Արապիա»-ին յայտնեց. «Սուրիական ապահովական ուժերու անդամ մը սպաննուեցաւ սուրիական ծովափին մէջ ցուցարարներու կողմէ արձակուած փամփուշտի պատճառով»:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ Ժապլէի գիւղական շրջանի Պէյթ Եաշութ գիւղին մէջ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ կրակ բացուած է:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ընդհանուր ապահովութեան ուժերը Հոմսի մէջ արգիլեցին ցուցարարներուն Հոմս քաղաքի Զահրա հրապարակ հասնիլը եւ Հոմսի գիւղական շրջանի Քապու գիւղին մէջ ցուցարարները ցրուեցին:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիրակի երեկոյեան յայտարարեց, թէ սուրիական բանակը հրասայլերով եւ զրահապատ մեքենաներով մուտք գործած է Լաթաքիա եւ Թարթուս քաղաքներու կեդրոններ` «ապօրինի խմբաւորումներու կողմէ բնակիչներուն եւ ապահովական ուժերուն թիրախաւորման գործողութիւններու մագլցումէն ետք»: