Ուահապ. «Շարհի Կողմէ Լիբանանի Տարածքին Ահաբեկման Ու Առեւանգումի Խումբերու Ճամբով Ոտնահարումը Պիտի Չընդունինք»

Թաուհիտ Արապի կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց. «Գիշերը Ատմայի մէջ Ղասսան Թարմահի ահաբեկումը վտանգաւոր ցուցանիշ է»:

«Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը լիբանանեան անվտանգութիւնը ոտնահարելո՞ւ սկսաւ: Ապահովական մարմիններու պատասխանին եւ քայլերուն կը սպասենք», նշեց ան:

Ուահապ նաեւ շեշտեց. «Շարհի կողմէ Լիբանանի տարածքի ահաբեկման եւ առեւանգումի խումբերու ճամբով ոտնահարումը պիտի չընդունինք: Դէպքերը կրկնուեցան, եւ պետութիւնը լուռ է»:

 

Leave a Comment