Նեթանիահու. «Եգիպտոսի Հետ Իսրայէլի Պատմութեան Մէջ Կազի Մեծագոյն Գործարքը Կնքեցինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհենի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Եգիպտոսի հետ Իսրայէլի պատմութեան մէջ կազի մեծագոյն գործարքը կնքեցինք»:

«Եգիպտոսի հետ կազի գործարքին հաւանութիւն տուի մեր անվտանգութեան համար անհրաժեշտ նկատառումները հաշուի առնելէ ետք», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:

«Առաջին չորս տարուան ընթացքին կէս միլիառ շեքել պիտի շահինք, որմէ ետք տարեկան եկամուտը կը սկսի շուրջ 6 միլիառ շեքելի բարձրանալ», աւելցուց ան:

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարարը իր կարգին ըսաւ. «Եգիպտոսի հետ համաձայնութիւնը դժուար բանակցութիւններէ ետք գոյացաւ»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Եգիպտոսի հետ կազի գործարքի յայտարարութենէն ետք, Իսրայէլ ներկայիս Սուրիոյ հետ կազի համաձայնութեան շուրջ կը բանակցի»:

 

 

Leave a Comment