Համտան. «Օրէնսդրական Նիստը Հաստատեց, Որ Երկխօսութեան Լեզուն Համայնքայնութեան Առեւտրականներուն Պիտի Յաղթէ»

Ամալ շարժումի նախագահական մարմինի անդամ Խալիլ Համտան յայտնեց. «Խորհրդարանի նիստի գումարումը կը հաստատէ, որ երկխօսութեան լեզուն պիտի յաղթէ համայնքայնութեան առեւտրականներուն, որոնք պատերազմ կը խրախուսեն եւ Լիբանանի հողին ու ժողովուրդին կը սպառնան սիոնական քանդումի մեքենայով։ Համր Սատանան ան է, որ գերիշխանութիւնը կþոտնահարէ եւ իսրայէլեան հռետորաբանութեան կը զօրակցի»։

Ան ըսաւ, որ հակառակ իսրայէլեան արարքներուն, «մենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարին ու անոր լրատուական փողերէն ոչինչ լսեցինք, այլ մարդոց ուղեղը կը լեցնեն՝ գիտակցութիւնը ջլատելու համար, որպէսզի անիրաւ կերպով ըսեն, թէ խնդիրը միայն Դիմադրութեան զէնքն է։ Նոյնիսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան արտաքին գործոց նախարարը առիթ չի փախցներ Դիմադրութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հասցէին վատ արտայայտութիւն ունենալու, առանց թշնամին դատապարտելու առումով բառ մը արտայայտելու»։

«Բնականաբար կառավարութեան կը հարցնենք, ատիկա անձնակա՞ն դիրքորոշում է, թէ կառավարութիւնը զգայուն պահերու ներկայացնող Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի դիրքորոշումը», հարց տուաւ Համտան։

Leave a Comment