Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար «Արապիա»-ի անգլերէն ծառայութեան յայտնեց. «Մեր փափաքը Լիբանանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումն է, եւ տարակարծութիւնները կարելի է շրջանցել»։
«Լիբանանի հետ տարակարծութիւնները չնչին են, եւ զանոնք կարելի է լուծել», աւելցուց ան։
«Մենք չենք կարծեր, որ Հըզպալլայի դէմ մեր յարձակումները Լիբանանի գերիշխանութիւնը կþոտնահարեն», պնդեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը։
«Պէտք է Իսրայէլի անվտանգութեան համար ոչնչացնենք Հըզպալլան», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ այդ քայլը «Լիբանանը իր ժողովուրդին պիտի վերադարձնէ»։
«Հըզպալլան է, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կþոտնահարէ եւ ոչ թէ մենք», պնդեց Սաար։
Միւս կողմէ, ան նշեց. «Կþուզենք երկրորդ փուլին անցնիլ, սակայն Համասի զէնքը խոչընդոտ է»։
«Սուրիոյ հետ ապահովական համաձայնութեան հասնելու կը ձգտինք, եւ համաձայնութիւնը ի շահ երկու կողմերուն է», յայտնեց Սաար՝ աւելցնելով. «Սուրիոյ հողերուն նկատմամբ ախորժակներ չունինք»։