Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Անգարա Մտադիր Է «Էս-400»-ները Մոսկուային Վերադարձնելու

None

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մտադիր է Ռուսիայէն նախապէս ձեռք բերած «Էս-400» համակարգերը վերադարձնելու՝ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու համար։ Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը՝ յղում կատարելով իր դիւանագիտական աղբիւրներուն։

Ըստ ամերիկեան լրատու գործակալութեան, Թուրքիոյ ղեկավարը «այս հարցը արծարծած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ անցեալ շաբաթ Թիւրքմենիստանի մէջ ունեցած հանդիպումի ժամանակ»։

«Պլումպըրկ» կը գրէ, թէ այս քայլը կրնայ Թուրքիոյ արտօնել «զգալիօրէն բարելաւել» Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները եւ ձեռք բերել ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներ։ Ըստ գործակալութեան աղբիւրներուն, Անգարա «նաեւ կը ձգտի վերադարձնել այդ համակարգերու գնման վրայ ծախսուած միլիառաւոր տոլարները»՝ Ռուսիայէն ներածուող ուժանիւթերու զեղչի տեսքով։

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք դեկտեմբերի սկիզբը յայտարարած էր, թէ Անգարա «պէտք է հրաժարի ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերէն՝ Միացեալ Նահանգներու «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրին վերադառնալու համար»։

Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն 2020 թուականին Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատեց եւ զայն դուրս ձգեց «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրէն, երբ ՕԹԱՆ-ի անդամ այդ երկիրը որոշեց ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգեր գնել։

Leave a Comment