Մոսկուան ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջ սերտօրէն կը համագործակցի Թեհրանի հետ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպման ժամանակ:
Բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Աշկապաթի մէջ, ուր Ռուսիոյ ղեկավարը հասած է մասնակցելու «Խաղաղութեան եւ վստահութեան միջազգային տարի»-ի, «Միջազգային չէզոքութեան օրուան» եւ Թուրքմենիստանի մնայուն չէզոքութեան 30-ամեակին նուիրուած ֆորումին:
«Եւ, ի հարկէ, մենք սերտ կապի մէջ ենք բոլոր կարեւոր միջազգային հարցերուն շուրջ, ներառեալ իրանեան հիւլէական ծրագիրին վերաբերող բոլոր հարցերուն շուրջ: Դուք գիտէք մեր դիրքորոշումը. մենք ՄԱԿ-ի մէջ Իրանին կ՛աջակցինք», ըսաւ Փութին: