Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. Նեթանիահու-Պարրաք Ժողովին Համաձայնութիւն Գոյացած Է Լիբանանի Շուրջ Երկխօսութիւնը Շարունակելու – Aztag Daily

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, վկայակոչելով դիւանագէտներ, հաղորդեց, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաքի միջեւ ժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է Լիբանանի շուրջ երկխօսութիւնը շարունակելու:

Պարրաք երկուշաբթի օր Նեթանիահուի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնած էր. «Շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար շինիչ երկխօսութիւն մը կատարեցինք»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, թէ Նեթանիահու ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի հետ իր հանդիպումին պատճառով խնդրած է իր դատավարութեան նիստը յետաձգել:

«Նեթանիահուի եւ Պարրաքի հանդիպումին նպատակը Լիբանանի հետ մագլցումը արգիլելն է եւ Սուրիոյ հետ փոխադարձ հասկացողութիւններու հասնիլը», նշեց պատկերասփիւռի կայանը:

 

 

Leave a Comment