Հարաւի Մէջ Իսրայէլեան Յարձակումներ – Aztag Daily

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը երէկ կէսօրէ ետք հարաւային Լիբանանի Մարքապա եւ Ատէյսէ գիւղերուն միջեւ գտնուող ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցաւ զոհ մը:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց. «Հարաւային Լիբանանի Թիպէ շրջանին մէջ Հըզպալլայի անդամի մը վրայ յարձակում գործեցինք»:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը նաեւ հարաւային Լիբանանի Սըպլին-Ժատրա ճամբուն վրայ մեքենայ մը հարուածեց:

Leave a Comment