Տոքթ․ Ռաֆֆի Ջանեցեանին համար դժուար էր արեւմտահայերէնով խօսիլ սակայն, ան ոչ միայն սահուն խօսեցաւ այլեւ զաւեշտական դրուագներ պատմեց հիւանդներուն հետ ունեցած շփումներէն։ Ան 35 տարի առաջ եկած է Հայաստան։ «Լեզուն մեր լեզուն է երկու ճիւղերով, որքան կրնանք պէտք է պահենք», ըսաւ ան։
Ռաֆֆի Ջանեցեան Հալէպի ծնունդ է՝ աւարտածէ է Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ապա եկած է Հայաստան ուսանելու բժշկական ճիւղին մէջ։ Ան շրջան մըն ալ գացած է Միացեալ նահանգներ մասնագիտութեան համար ու ետ վերադարձած Հայաստան։
«Հայրենիքը ամէն հայու տեղն է, ամէն հայ չի կրնար երկու հայրենիք ունենալ, կայ մէկ հայրենիք՝ իսկ Սուրիան մեր ծննդավայրն է», կ՛ըսէ մեր հիւրը։
Շատ պարզ էր, որ Ռաֆֆի Ջանեցեան հիասթափութիւն ապրէր 90-ական թուականներուն Հայաստանի մէջ, այդ դժուարութիւնը յաղթահարելու մեծ ցանկութիւն ունէր, ինչպէս ինք կ՛ըսէ։
Տոքթ․ Ռաֆֆի ինքզինք հպարտ եւ ուրախ կը զգայ մայր հողին վրայ ապրելով, «Կարելի է հայրենիքի մէջ կայանալ, կարելի է հայրենիքի մէջ աշխատիլ»։ Ան յաճախ եղած է թարգմանիչ որոշ սփիւռքահայերուն համար որոնք նոր եկած են Սուրիայէն։
Տոքթ․ Ռաֆֆի կը հաւատայ, որ մարդու յաջողութիւնը պարզ լեզուով հիւանդին հիւանդութիւնը հասկցնելն է, բացատրելն է, ներկայիս ան համացանցի վրայ ունի հարթակ՝ ուր օրնիբուն խորհուրդներ կը ներկայացնէ հանրութեան։
«Մենք մեր ուղեղով պէտք է յաղթենք, վերանայիլ ամէն սխալ քայլի որ ըրած ենք եւ վստահիլ մեր ուժերուն, պէտք է հայերը Հայաստանի մէջ ապրին», այս յորդորով աւարտին հասաւ մեր հետաքրքրական զրոյցը։