Բռնցքամարտ. Մարատ Գրիգորեան Եւ Անահիտ Հարոյեան` Յաղթական

Օտեսայի հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Մարատ Գրիգորեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած մենամարտի մը ընթացքին:

25 տարեկան Մարատ Գրիգորեան 2-րդ ռաունտին նաք-աութի ենթարկեց փաքիստանցի Եասեր Ահմետ Մալիքին եւ դարձաւ «Տապըլեու. Պի. Էֆ.» միջցամաքամասային ախոյեան` ծանր կշիռի թեթեւ կարգին մէջ:

Մենամարտի առաջին վայրկեաններէն իսկ, Մարատ յարձակողական ձեւով սկսած էր մրցումը` վերահսկելով պայքարի ընթացքը իր վստահ խաղարկութեամբ: Երկրորդ ռաունտին, իրաւարարը ստիպուած էր դադրեցնելու մրցումը, երբ Մարատ շարունակ հարուածելով սկսաւ անշարժեցնել մրցակիցը:

Ասիկա Մարատի ասպարէզի 5-րդ յաջորդական յաղթանակն էր իր արհեստավարժ բռնցքամարտի պատմութեան մէջ, ուր 4 անգամ նաք-աութով աւարտած էր իր մենամարտերը:

Տակաւին անյաղթ Գրիգորեան կը մնայ անգերազանցելի ախոյեան:

. Տուպայի մէջ, բռնցքամարտի երեկոյի մը ընթացքին, հայ բռնցքամարտիկ Անահիտ Հարոյեան վստահօրէն պաշտպանեց «Տապըլեու. Պի. Էյ.» ցամաքամասային ախոյեանի իր տիտղոսը:

Հարոյեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտութեան մատնեց ֆիլիփինցի Մարիա Թերեսա Պինիլը:

Հարոյեանի 17-րդ մրցումին 16-րդ յաղթանակը որոշուեցաւ 80-72 իրաւարարներու արդիւնքով, 8 ռաունտերէ ետք:

Հարոյեան, որ անցեալ սեպտեմբերին դարձած էր տիտղոսակիր` յաղթելէ ետք իր թանզանիացի մրցակիցին, յաջողութեամբ պաշտպանեց իր տիտղոսը առաջին պայքարին:

 

 

Leave a Comment