Ապտելաթի Ռուպիոյին Ներկայացուց Պէյրութ Իր Վերջին Այցելութեան Արդիւնքները

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ:

Ան իր պաշտօնակիցին փոխանցած է լիբանանեան պետութեան աջակցելու նպատակով Պէյրութ իր վերջին այցելութեան արդիւնքները:

Ապտելաթի Ռուպիոյի հետ քննարկած է լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ կայունութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները` ընդգծելով Լիբանանի հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ կայունութեան աջակցող եգիպտական դիրքորոշման սկզբունքները:

 

Leave a Comment