Եաաքուպ. «Առանց Արտօնագիրի Սուրիական Ցոյցերը Վտանգաւոր Ցուցանիշ Են Եւ Կը Կրեն Կարգախօսներ, Որոնք Կրնան Համայնքային Սադրանք Յառաջացնել»

«Նահժ» շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ նշեց. «Երէկ չմեկնաբանեցի մեր թաղերուն մէջ տեղի ունեցածը, սակայն հաստատօրէն երեւոյթը վտանգաւոր ցուցանիշ կը նկատուի: Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալման միամեակի նշման առիթով առանց արտօնագիրի ցոյցերուն ընթացքին միայն գաղութատիրութեան որդեգրած դրօշը բարձրացնելու կողքին նաեւ բարձրացուեցան իսլամական դրօշներ, ներառեալ Քայիտայի դրօշը»:

«Քայլարշաւները կազմակերպուած էին, եւ կարգախօսները` թիրախաւորուած: Ուստի, այն փաստը, որ կարգ մը քայլարշաւներ ուղղուեցան դէպի շրջաններ, ուր կրնային համայնքային սադրանք յառաջացնել` ապահովութեան ակնյայտ բացթողումներով, կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ նախարարները չմեկնաբանեցին կամ չդատապարտեցին տեղի ունեցածը, յատկապէս, որ մենք մօտ ենք Ռաուշէի ժայռի հերոսական իրադարձութիւններուն», աւելցուց ան:

Եաաքուպ նաեւ հարց տուաւ. «Սուրիոյ մէջ կամ այլուր համայնքային պատկե՞րն է արժեչափը: Ձեր ուզածը ըրէ՛ք, որովհետեւ իրադարձութիւններու կշռոյթը արագ է, սակայն խնդրեմ յարգեցէ՛ք միտքերը եւ դադրեցէ՛ք գերիշխանութեան ու հայրենասիրութեան մասին խօսելէ»:

 

 

Leave a Comment