Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիէն որոշ չափով հիասթափուած է, որովհետեւ Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու իր առաջարկած խաղաղութեան ծրագիրին յառաջ մղման մասնակից չէ:

Թրամփ «Քենետի» կեդրոնի կազմակերպած ձեռնարկի ընթացքին լրագրողներու հարցումին պատասխանելով յայտնեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ուքրանացի ղեկավարներուն հետ խօսեցայ, ներառեալ Զելենսքին: Պէտք է ըսեմ, որ որոշ չափով հիասթափուած եմ, որովհետեւ Զելենսքին տակաւին առաջարկը չէ կարդացած, եւ ատիկա քանի մը ժամ առաջ էր»:

Նշենք, որ շաբաթ օր աւարտեցան ամերիկացի եւ ուքրանացի պաշտօնատարներու միջեւ օրերու վրայ երկարած բանակցութիւնները, որոնց հեռաձայնային կապի ճամբով մասնակցեցաւ Զելենսքի:

Բանակցութիւնները աւարտեցան առանց յստակ յառաջընթացի արձանագրման, հակառակ Ուքրանիոյ նախագահին «իսկական խաղաղութեան» հասնելու համար յաւելեալ բանակցութիւններ վարելու խոստումին:

Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ նախքան այդ Քրեմլինի մէջ հանդիպում ունեցած էին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Մոսկուան հանդիպումի ընթացքին ամերիկեան ծրագիրէն որոշ կէտեր մերժած էր:

Leave a Comment