«Մարզիչը Կապ Չունի Հետս… Կ՛ըսէ Սալահ

Շաբաթ գիշեր Լիվըրփուլ «Էլընտ Ռոտ»-ի մէջ 2 վայրկեանի ընթացքին 2 կոլ նշանակեց, բայց 22 վայրկեան ետք 2 կոլ ստացաւ Լիծէն:

80-րդ վայրկեանին Տոմինիք Սոպոսլայ կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Լիվըրփուլի, եւ կը կարծուէր, թէ «կարմիրները» պիտի յաղթէին, բայց Լիծ կրցաւ կարեւոր կէտ «խլել» Լիվըրփուլէն` շնորհիւ ճափոնցի Աօ Թանաքայի 96-րդ վայրկեանի կոլին: Լիվըրփուլի վերջին տարիներու եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ 3-րդ յաջորդական մրցումին մնաց պահեստի աթոռներուն վրայ եւ մրցումէն ետք յայտնեց, թէ մարզիչ Առնէ Սլոթ «իրեն հետ որեւէ կապ չունի»:

«Շատ լաւ յարաբերութիւն ունէի մարզիչին հետ: Յանկարծ ոչ մէկ յարաբերութիւն… Չեմ գիտեր ինչու, բայց ըստ երեւոյթին այս ակումբին մէջ անձ մը կայ, որ ինծի չ՛ուզեր խումբին մէջ», յայտնեց դժգոհ Սալահ:

Ըստ երեւոյթին, որոշ մթնոլորտ մը կայ խումբին մէջ, մանաւանդ որ վերջերս խմբապետ Վիրճիլ Վան Տայք իր կարգին յայտնած էր, որ Սալահի մակարդակը նահանջելով այլեւս ան անձեռնմխելի չէ:

Նոյն օրը, Արսենալ 18 մրցումներէ ի վեր անյաղթ մնալէ ետք անակնկալ պարտութիւն կրեց Ասթոն Վիլայէն (2-1)` Պիրմինկհամի մէջ:

Այս արդիւնքէն օգտուեցաւ Մանչեսթըր Սիթի, որ 2 կէտի նուազեցուց Արսենալի հետ իր տարբերութիւնը` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սանտըրլենտին, հակառակ անոր որ նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ կոլ չնշանակեց:

Ռոպեն Տիաշ, Եոշքօ Կվարտիոլ եւ Ֆիլ Ֆոտեն նշանակեցին Սիթիի 3 կոլերը:

Ստորեւ` «Փրեմիեր լիկ»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Լիծ – Լիվըրփուլ 3-3
Պորնմաութ – Չելսի 0-0
Էվըրթըն – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 3-0
Մանչեսթըր Սիթի – Սանտըրլենտ 3-0
Նիւքեսըլ – Պըրնլի 2-1
Թոթենհամ – Պրենթֆորտ 2-0
Ասթոն Վիլա – Արսենալ 2-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Արսենալ 33 (28-9)
2.- Մանչեսթըր Սիթի 31 (35-16)
3.- Ասթոն Վիլա 30 (22-15)
4.- Չելսի 25 (25-15)
5.- Էվըրթըն 24 (18-17)
……………………….. ………………………..
18.- Ուեսթ Համ 12 (16-28)
19.- Պըրնլի 10 (16-30)
20.- Վուլվզ 2 (7-29)

Leave a Comment