Եւրոպական Ֆութպոլ. Չելսիի Անակնկալ Պարտութիւնը Եւ Մխիթարեանի Վերադարձը

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 14-րդ հանգրուանին, Չելսի անսպասելի պարտութիւն մը կրեց «Էլընտ Ռոտ»-ի մէջ 3-1 արդիւնքով` պարտուելով Լիծ Եունայթըտէն:

«Սիրամարգներ»-ը շատ արագ ձեւով սկսան մրցումը, եւ 6-րդ վայրկեանին Եաքա Պիյոլ արդէն իսկ կոլ մը նշանակած էր ի նպաստ Լիծի: 43-րդ վայրկեանին ճափոնցի Աօ Թանաքա արդիւնքը բարձրացուց 2-ի, ուր Չելսի գնդակին կը տիրապետէր, բայց Լիծի բերդը չէր վտանգեր: Բ. կիսախաղին կը սպասուէր, որ Էնզօ Մարեսքա փոփոխութիւններ պիտի կատարէ առնուազն խաղաձեւին կողմէ, բայց այդ բանը չպատահեցաւ, եւ Լիծ շատ աւելի վտանգեց Չելսիի բերդը, հակառակ անոր որ Փետրօ Նեթօ կոլով մը փոխադարձեց 50-րդ վայրկեանին:

Տոմինիք Քալվերթ-Լուին յաջորդական իր 2-րդ մրցումին կոլ մը նշանակեց` հաստատելով Լիծի յաղթանակը եւ բարձրանալով 17-րդ դիրք:

Չելսի, որ վերջին անգամ 25 հոկտեմբերին Սանտըրլենտի դէմ պարտութիւն կրած էր, 7 մրցումներ անյաղթ մնալէ ետք պարտուեցաւ:

Լիվըրփուլ իր «Էնֆիլտ» դաշտին վրայ անգամ մը եւս ձախողեցաւ յաղթել եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Սանտըրլենտի հետ: 67-րդ վայրկեանին Շեմսըտին Թալպի նշանակեց Սանտըրլենտի կոլը, մինչ Լիվըրփուլ հաւասարեցաւ 81-րդ վայրկեանին, երբ Ֆլորիան Վիրց հարուածեց դէպի Սանտըրլենտի բերդը, բայց մրցակից Մուքիլէին դպնալէ ետք գնդակը աւելի ցատկելով կոլը արձանագրուեցաւ Մուքիելէի անունով (իր բերդին մէջ):

Սանտըրլենտ 6-րդ դիրքը գրաւեց, մինչ Լիվըրփուլ 8-րդ դիրքի վրայ կը գտնուի: Արսենալ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրենթֆորտը եւ 5 կէտի առաւելութիւն պահեց Մանչեսթըր Սիթիի վրայ, որ օր մը առաջ 5-4 արդիւնքով յաղթած էր Ֆուլհամին:

Մերինօ եւ Սաքա նշանակեցին Արսենալի կոլերը:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Լիծ – Չելսի 3-1
Լիվըրփուլ – Սանտըրլենտ 1-1
Արսենալ – Պրենթֆորտ 2-0
Պրայթըն – Ասթոն Վիլա 3-4
Պըրնլի – Քրիսթըլ Փելես 0-1
Վուլվզ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 0-1
Նիւքեսըլ – Թոթենհամ 2-2
Պորնմաութ – Էվըրթըն 0-1
Ֆուլհամ – Մանչեսթըր Սիթի 4-5

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Արսենալ 33 (27-7)
2.- Մանչեսթըր Սիթի 28 (32-16)
3.- Ասթոն Վիլա 27 (20-14)
4.- Չելսի 24 (25-15)
5.- Քրիսթըլ Փելես 23 (18-11)

Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 19-րդ հանգրուանէն յառաջաձգուած մրցումի մը, Ռէալ Մատրիտ վերջին 3 մրցումները հաւասարութիւններով աւարտելէ ետք վերջապէս կրցաւ յաղթել: Յաղթանակն ալ կարեւոր էր Աթլեթիք Պիլպաոյի դաշտին վրայ, ուր միշտ ալ դժուար կ՛ըլլայ յաղթելը: Քիլիան Էմպափէ երկու կոլ նշանակեց, մինչ Էտուարտօ Քամավինկա նշանակեց Ռէալի 3-րդ կոլը:

Ասիկա Էմպափէի 7-րդ կոլն էր վերջին երեք մրցումներուն, իսկ «Լա լիկա»-ի գծով տարեշրջանի իր 16-րդ կոլն էր` 8 կոլի առաւելութիւն ունենալով Պարսելոնայի մարզիկներ Ռոպերթ Լեվանտովսքիի, Ֆեռան Թորեսի եւ Մայորքայի մարզիկ Վետաթ Մուրիքիի վրայ, որոնք միասնաբար կը գրաւեն կոլ-սքորըրներու Բ. դիրքը:

Օր մը առաջ, Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Աթլեթիքօ Մատրիտը` շնորհիւ Ռաֆինիայի, Օլմոյի եւ Թորեսի կոլերուն: Այս մրցումին Ռոպերթ Լեվանտովսքի փենալթի մը կորսնցուցած էր:

Նշենք, որ Ալեքս Պայենա 19-րդ վայրկեանին նշանակած էր Աթլեթիքոյի եւ մրցումին առաջին կոլը:

Պարսելոնա 1 կէտի առաւելութիւն ունի Ռէալ Մատրիտի վրայ (36 կէտ):

Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցան բաժակի գծով մրցումներ, ուր Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան 7 մրցումներէ բացակայելէ ետք մասնակցեցաւ Վենեցիայի դէմ մրցումի երկրորդ կիսախաղին:

Առաջին կիսախաղին լեհ Փիոթր Զիլինսքի 8,1 նիշ ստացած էր իր բարձր մակարդակի ելոյթին համար եւ կիսախաղին փոխարինուած էր Մխիթարեանով, որ 8,4 կէտ ստացաւ իր գեղեցիկ խաղարկութեան շնորհիւ:

Ան բազմիցս ստոյգ կոլերու փոխանցումներ կատարեց Թիւրամին, Պոնիին եւ Էսփոզիթոյին, բայց մէկ առիթով Անժ-Եոան Պոնի կրցաւ նշանակել Ինթերի 5-րդ կոլը:

Անտի Տիուֆ, Ֆրանչեսքօ Փիօ Էսփոզիթօ, Մարքուս Թիւրամ (2) եւ Պոնի նշանակեցին Ինթերի 5 կոլերը, մինչ Սակրատօ նշանակեց Վենեցիայի միակ կոլը:

Ինթեր քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Ռոմա-Թորինօ մրցումի յաղթականին դէմ: Նափոլի փենալթիներով միայն կրցաւ դուրս ձգել Քալիարին` 1-1 արդիւնքով աւարտելէ ետք մրցումը: 10 փենալթիներէ ետք Լուվումպօ կորսնցուց իր փենալթին, մինչ Պոնճիոտնօ յաջողեցաւ նշանակել Նափոլիի 10-րդ փենալթին` ապահովելով քառորդ աւարտականի տոմսը, ուր պիտի մրցի Ֆիորենթինա – Քոմօ մրցումի յաղթականին դէմ:

Գերմանիոյ մէջ Պայերն Միւնիխ դժուար եւ տարօրինակ մրցումէ մը ետք 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ունիոն Պերլինի դաշտին վրայ:

Պերլինի ակումբը իր կոլերը նշանակեց 2 փենալթիներով, մինչ Պերլինէն երկու մարզիկներ սխալմամբ իրենց բերդին մէջ նշանակեցին Պայերնի առաջին եւ 3-րդ կոլը: Հերի Քէյն գլխու հարուածով նշանակեց Պայերնի երկրորդ կոլը` Եոշուա Քիմիչի քոռնըրէն ետք:

 

 

Leave a Comment