Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ» – Aztag Daily

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա նշեց, որ մասնակցած է Փարիզի մէջ Յորդանանի եւ ֆրանսական կառավարութեան հիւրընկալած խորհրդաժողովին, որ կեդրոնացած է Լիբանանի մէջ ապահովական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ անոնց մարմիններուն ու կարողութիւններուն երկարատեւ աջակցութեան վրայ:

«Բոլոր գործընկերներուն համար լաւ առիթ էր գաղափարներու փոխանակման համար եւ համակարգելու լիբանանեան բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն տրամադրուելիք աջակցութիւնը», ըսաւ դեսպանը:

«Մենք տակաւին յանձնառու ենք Լիբանանի գերիշխանութեան աջակցութեան եւ գործընկերներու հետ աշխատանք տանելու շրջագծային համաձայնագիրի յաջողութեան ուղղութեամբ», աւելցուց Իսա:

Leave a Comment