ԼՕԽ-ական Արսինէ Մելքիսէթեանի Յիշատակին – Aztag Daily

ԱՐՓԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղը կորսնցուց իր շրջանի նախկին ատենապետ Արսինէ Մելքիսէթեանը: Ան ԼՕԽ-ին ծառայելու եւ շրջապատին օգտակար ըլլալու պարտականութիւնը ժառանգած էր իր մօրմէն` Արաքսի Արծրունիէն, որ երկար տարիներ մաս կազմած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան:

Արսինէ Մելքիսէթեան ԼՕԽ-ի կանոնագիրը լրիւ կը գործադրէր, սխալ կամ թերի կեցուածքներ չէր ընդուներ: Յաճախ շրջանի ԼՕԽ-ականներուն կ՛այցելէր եւ անոնց կարծիքները առնելով` նոր ծրագիրներ կը մշակէր վարչութեան հետ:

Նուիրեալ ԼՕԽ-ականը նաեւ երիտասարդ միութենականներ մղած է մաս կազմելու վարչութեան, անոնց ծանօթացուցած է ԼՕԽ-ի բազմաճիւղ աշխատանքներուն, իսկ աւելի ուշ ինք եւ իր վարչական անդամները գործունէութիւնը փոխանցած են նորերուն եւ հետեւած` անոնց տարած գործին:

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի կազմակերպած ներքին թէ արտաքին բոլոր ձեռնարկներուն մասնակից եղած է:

Թէեւ վերջին տարիներուն Արսինէ Մելքիսէթեան գրեթէ տունէն չէր ելլեր, սակայն բջիջայինը մնայուն կերպով ձեռքն էր, «Վանայ Ձայն»-ի մնայուն ունկնդիր: Բոլոր ձեռնարկներուն եւ իրադարձութիւններուն կը հետեւէր այդ նշանաւոր գործիքով: Կիրակի օրերը եկեղեցւոյ ս. պատարագի ուղիղ սփռումին կը հետեւէր ամբողջութեամբ:

Արսինէ Մելքիսէթեան մտքով միշտ արթուն էր, հետաքրքրուած` անցուդարձերով, լիբանանահայութեան կեանքով, յատկապէս` ԼՕԽ-ի աշխատանքներով: Կ՛ուզէր, որ յաճախ այցելեմ իրեն, որպէսզի ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն մասին տեղեկութիւններ տամ իրեն: ԼՕԽ-ը անոր ներաշխարհն էր:

Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն` մեր սիրելի ընկերուհիին հոգիին:

 

 

 

 

Leave a Comment