Ստի. «Աշխատանք Կը Տանինք Սուրիայէն Ելեկտրականութիւն Ներածելու» – Aztag Daily

Ուժանիւթի նախարար Ճօ Ստի «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Հորմուզի նեղուցի եւ Պապ Մանտեպի տագնապին պատճառով քարիւղի գինը բարձրացաւ եւ ամսական 50 միլիոն տոլարի հասաւ»:

«Մենք` իբրեւ կառավարութիւն, վճռած ենք, թէ պիւտճէական փոխատուութիւններ չենք ուզեր, չենք ուզեր պարտք առնել, եւ պետութիւնն ալ անկարող է որեւէ ոլորտ պարտքի տալ», ըսաւ ան:

«Պետական պիւտճէի քննարկման նիստի ընթացքին խնդրեցի, որ փոխան սակերու փոփոխութեան կառավարութիւնը շարունակէ վճարումները կատարել պետութեան գանձարկղէն», աւելցուց նախարարը:

«Ամիսներէ ի վեր կ՛աշխատինք Սուրիայէն ելեկտրականութիւն ներածելուն վրայ», նշեց Ստի:

«Չորեքշաբթի օր Կիպրոսէն պաշտօնատարներու հետ ելեկտրականութեան ծովային մալուխի ծրագիրի տնտեսական օգուտին վերաբերեալ ուսումնասիրութեան շուրջ ժողով պիտի գումարենք», ըսաւ ուժանիւթի նախարարը:

Leave a Comment