Ասեղնագործութեան Անվճար Դասընթացք
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր նախնիներուն սուրբ եւ տոհմիկ աւանդութիւնները պահելու համար եւ զանոնք նորահաս սերունդին փոխանցելու մտադրութեամբ, հայկական ասեղնագործութեան իւրայատուկ դրսեւորումներէն` Մարաշի ասեղնագործութեան անվճար դասընթացք մը պիտի կայանայ միութեան տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Ձեռագործը ուսուցանողն է տիկին Տիգրանուհի Ճինպաշեանը:
Դասընթացքը պիտի սկսի 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, միութեանս «Գերմանիկ» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 7:00` մէկ ամսուան տեւողութեամբ:
Փափաքող կիները կրնան կապ հաստատել միութեան գրասենեակին հետ, ամէն օր բացի շաբաթ օրերէն, հեռաձայնելով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 5:00, հետեւեալ թիւին` 01-269937, կամ տիկնանց միութեան անդամուհիներուն` 70-165973, 70-493270:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————–
2026-2027 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
– Հին եւ Նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր ժամը 8:30-12:30:
– Վերաքննութիւններ.– Երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին:
– ՎԵՐԱՄՈՒՏ.–
Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ 16 սեպտեմբեր
Ա.- ԺԱ. դասարաններ` 23 սեպտեմբեր
Մանկապարտէզ` 1 հոկտեմբեր
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

