Տեսակէտ. Անհրաժեշտութիւն Մը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Փաստօրէն սփիւռքի գաղութներու ներկայ իրավիճակը մտահոգիչ ու ոչ հեռանկարային կացութիւն մը կը պարզէ:

Սփիւռքը իր պատմութեան ընթացքին այսքան թոյլ եւ խարխափումի մէջ չէ գտնուած:

Որքան ալ փորձենք ամէն բան լաւ ցոյց տալ, իրականութեան մէջ բոլորս ալ գիտենք, որ լուրջ ու ծանր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուինք:

Կրթական, միութենական, ազգային, մտաւորական, կրօնական թէ կուսակցական պատկերը նոյնը չէ:

Մերթ ընդ մերթ այս մտահոգութիւնները արծարծող յօդուածները կամ լսարանները չեն բաւեր, որ մենք սկիզբ դնենք մեր գաղութներու նոր մեկնարկին: Այսօր անհրաժեշտ է քննարկումի հարթակներ ստեղծել: Ամէն բան անկեղծ ու թափանցիկ քննարկումներ կատարելու եւ ախտաճանաչումներ գտնելու քաջութիւնը ունինք:

Սփիւռքը կարեւոր էր եւ է ու պիտի մնայ յառաջիկայ տարիներու հաշուոյն:

Մենք պէտք է սփիւռքի գաղութներու նոր իրավիճակները վերաքննարկենք եւ ի մի բերենք` յանուն գաղութներու տոկունութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման:

Ամէն երեւոյթ պէտք չէ քաղաքականացնել, եւ ամէն բան քննադատելու կամ վարդագոյն տեսնելու ճիգ պէտք չէ ընենք:

Իրապաշտ մնանք:

Քննարկումի հարթակները կը նպաստեն ընդարձակ միտքերու փոխանակման, բիւրեղացման եւ յստակացման:

Անհրաժեշտ է համադրումը, որպէսզի կարենանք նոր մեկնարկ մը կատարել մեր հաւաքական կեանքի հզօրացման համար: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր գաղութ իր իւրայատկութիւնները ունի զանազան բնագաւառներու մէջ, սակայն բոլորն ալ միասին մասնակից ըլլալու, սկզբունքներ ճշդելու եւ հեռանկարային ծրագիր մշակելու կարեւորութիւնը կը զգան:

Երեսի վրայ ձգտուած ըլլալու տպաւորութիւնը կայ: Անտարբերութեան մեծ ալիք մը կայ երիտասարդներուն մօտ, իսկ ներուժն ալ զանազան պատճառներով հեռացած եւ ինքնամեկուսացած է:

Ուշ չէ:

Քննարկումները, միտքերու փոխանակումները, ուժերու լարումը կ՛օգնեն նոր հորիզոններ բանալու աշխատանքին:

 

 

Leave a Comment