ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Լենա` ծառայասէրը:
Լենա` ընկերասէրը:
Լենա` մարդասէրը:
Լենա` զուարթասէրը:
Լենա` աշխատասէրը:
***
Նորոգ հանգուցեալ Լենա Գարայեան-Րագուպեանը ճանչցուած էր իր բազմաշնորհութեամբ, մարդասիրութեամբ, ծառայասիրութեամբ, նուիրուածութեամբ, հոգատարութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, ձեռնհասութեամբ եւ, ընդհանրապէս, այն յատկանիշներով, որոնք կը բնորոշեն իր հայրենակիցներուն ու կարօտեալներուն օգնութեան ձեռք երկարող մը:
Պատահական չէր, որ ան հանրածանօթ դարձած էր իր այս բարեմասնութիւններով` հայ թէ արաբ շրջանակներուն մօտ վայելելով մասնայատուկ յարգանք ու վերաբերմունք, նկատի ունենալով իր փափկանկատ, հասկացողական ու մարդկայնական նպաստաբաշխումներն ու զօրակցութիւնները:
Այն օրերէն ու ժամանակներէն, երբ Լենան ընդգրկեց ծառայողական կալուածը, իր ամուսնոյն` Սամ Րագուպեանի տարրալուծարանի, հետզհետէ բարգաւաճող ու տիրապետող բժշկագիտական-բժշկաքննական լայնածիր հաստատութեան մէջ, ան դարձաւ ազնուական եւ լայնասիրտ պատասխանատուներէն, իր ամբողջ եռանդով, կորովով ու նուիրումով եղաւ սիւներէն մէկը` իր ամուսնոյն հետ դառնալով ՄԻԱՁՈՅԼ ամբողջութիւն մը կարիքաւորներուն ու դիմորդներուն հետ վարուելով բծախնդրութեամբ ու մարդասիրութեամբ` զանոնք նկատելով «հարազատ»-ներ, որոնք թէ՛ հաստատութեան, թէ՛ իր նեցուկին, պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան կարիք ունէին, իսկ ինք միշտ պատրաստակամ էր:
Եթէ ամուսինը` փորձագէտ, փորձառու ու փորձավարժ Սամ Րագուպեանը, կրցած էր իր ասպարէզային հանրաճանաչութեան տալ համապատասխան լիցք ու հեղինակութիւն, անոնց եկաւ միանալու իր կնոջ` Լենային, ճարտարութիւնը, խոհեմութիւնը, ունակութիւնը ու վարչագիտութիւնը` դառնալով «Րագուպեան» գիտահետազօտական ու տարրալուծական հզօր հիմնարկին աչքառու լծակներէն մէկը` իր վարչական-կազմակերպչական-գրասենեկային շնորհներով, տնօրինումներով ու ծրագիրներով, «Րագուպեան» հաստատութեան տալով ե՛ւ հմայք, ե՛ւ վարկ, ե՛ւ անուանիութիւն:
***
Այսօր զարմանալի կամ ապշեցուցիչ է (թէեւ ատոնցմէ ո՛չ մէկը նման «որակում»-ի պէտք է արժանանայ), բայց, իրողութիւն ըլլալէ չի դադրիր, որ Լենան երկնային արքայութեան արժանացաւ, միայն «վերապահութեամբ» մը, թէ ինչո՞ւ այսքան ՇՈՒՏ եւ այսքան ԱՐԱԳ, երբ ան տակաւին լաւագոյնս կրնար ծառայել իր համայնական շրջանակներուն` իր ընտանիքէն մինչեւ մօտակայ թէ հեռաւոր բարեկամներ:
Սակայն, կ’ըսեն, ճակատագիրը դառն է ու դաժան, եւ յայտնի չէ, թէ` զո՞վ, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ պիտի հարուածէ, մանաւանդ անոնց, որոնք արժանի չեն նման տխուր անկումներու ու սայթաքումներու, իսկ ատոնք, դժբախտաբար, այս կամ այն ձեւով, միշտ ալ կը սողոսկին մեր շրջապատէն ներս թէ կողքէն:
Լենա Րագուպեանը իր լիակատար էութեամբ, գերակայութեամբ, ուժականութեամբ, տպաւորապաշտութեամբ, բայց, մանաւանդ` անհատականութեամբ, մնաց այն հզօր վէմը, որ ոչ միայն «Րագուպեան» հաստատութեան տուաւ լուսաւորութեան լիցք, այլ նաեւ դարձաւ զայն կենդանացնող դէմքերէն մէկը:
***
Իմ անմիջական ծանօթութիւնս ու բարեկամութիւնս Սամ Րագուպեանի եւ անոր ընտանիքին հետ միշտ եղած են սիրալիր, ջերմագոյն եւ լաւագոյն յարաբերութիւններու ծիրերէն ներս, թէ՛ ազգային, թէ՛ հայրենական, թէ՛ ընկերային մակարդակներու վրայ, ուր մեր գաղափարական, լիբանանեան, հայրենական, քաղաքական, ընդհանրական հարցերն ու դիտարկումները միշտ ալ գրեթէ նոյն չափանիշներով ընդգծուած էին:
Լենան, թէեւ` ոչ նոյն քաղաքական յղացքներով եւ ակնարկներով, համեստաբար կը յայտնէր իր տեսակէտները կամ մտորումները, մերթ` համատեղեակութեան, մերթ` ծանօթացումի մօտեցումներով, բայց միշտ մնալով իր սահմաններուն մէջ, առանց երթալու կամ հասնելու ծայրայեղութիւններու, որովհետեւ ան երբեք յաւակնութիւնը չէր ունեցած իր սահմաններէն դուրս գալու, այլ կը պատկանէր իր ինքնատեսողութեան մտածումներուն:
Թերեւս այդ էր պատճառը, որ մենք մէկ կողմէն` մեր նոյնանման կարծիքներով ու գաղափարներով, իսկ միւս կողմէն` մեր յաճախակի համախմբումներով ե՛ւ ազգային ե՛ւ այլ հարցերու շուրջ մեր խորհրդակցութիւններով, միշտ ալ նոյն ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ եզրակացութիւններուն յանգած ենք:
***
Սամ Րագուպեանը, ի պատիւ իրեն եւ կողակիցին` Լենային, ազգային շունչով համակուած, հայրենական զգացումներով ողողուած, Լիբանանով ոգեշնչուած, մտաւորական շրջանակներով բոլորուած, մշակոյթով ու հայ մամուլով ապրող եղած էր` ըլլալով այն հազուագիւտներէն, որ իր կնոջ հետ հիւրընկալած են հայրենի եւ սփիւռքահայ նշանաւոր գրողներ (ինչպէս` Արամայիս Սահակեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Ժագ Յակոբեան եւ այլ անուանիներ): Աւելի՛ն. անոնք այդ դէմքերը ծանօթացուցած են գաղութային շրջանակներուն` ստեղծելով փոխյարաբերութեանց ջերմ, անկեղծ ու մտերմիկ կապեր, իրենց տան դռները լայն բանալով նաեւ լիբանանահայ մեծաթիւ մտաւորականներու առջեւ` ձեւով մը դառնալով «ոսկեայ կամուրջ» մը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ:
Անկասկած, այդ հայրենասիրական ու հայ մտքի ու գրիչի փաղանգներուն զօրավիգ կանգնելու, քաջալերելու ու սատարելու նախաձեռնութեանց մէջ Սամի կողքին նոյնքան պատրաստակամ ու նախաձեռնող մասնակից ուժ մը դարձած էր Լենան, իսկ ատիկա կը բխէր ոչ թէ հաճոյակատարութենէն, այլ` իր համոզմունքներէն, մանաւանդ որ ան եւս մտաւորական խառնուածքով օժտուած կերպար մըն էր:
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, կը յիշեմ, երկու անգամ տեղի ունեցան Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներ, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ ու կազմակերպութեամբ, անոնց հրաւիրուած էին աշխարհասփիւռ շուրջ հազար ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էի ես, նաեւ` Լենան, միասնաբար մասնակցելով այդ պատմական հոգեցունց եղելութիւններուն:
Անշուշտ, Լենա Րագուպեանին հոն ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը արդէն կը յուշէին, թէ սփիւռքի նախարարութիւնը ճիշդ ընտրութիւն կատարած էր «Րագուպեան» հաստատութիւնը եւս հրաւիրելու, իսկ անոր ներկայացուցիչը հանդիսացաւ Լենան, իսկ այդ թռիչքներն ու հանդիպումները հանդիսացան առիթ աւելի մօտէն ծանօթանալու անոր ազնուութեան, բարեկրթութեան ու խոնարհութեան:
Անձնապէս, երբ դիմած եմ Լենային, ինծի համար վստահելի կարօտեալ ծանօթի մը օժանդակութեան համար, ինչպէս Սամը, նաեւ ինք միշտ ընդառաջած են, նոյնիսկ իմ պարագայիս` բարեհաճելով անհրաժեշտ ցուցմունքը տալ, օրինակ, դժուար ժամադրութեան մը համար անհրաժեշտ «միջնորդութիւն»-ը կատարել ու գործադրել:
***
Այսօր Լենան կանխահասօրէն մեկնած է այս աշխարհէն, իր ընտանիքէն եւ հարազատներէն, բարեկամներէն ու շրջանակներէն, սակայն, ո՞վ ըսաւ, որ ան կրնայ մոռցուիլ, երբ այնքան մօտէն թէ հեռուէն ան եղած է կենդանի ներկայութիւն մը` իր բարեսիրական ու մարդասիրական, ընկերային ու միջավայրային, ազգային ու համայնքային մեծղի օժանդակութիւններով, աջակցութիւններով եւ օգնութիւններով:
Ապրի՛ն վկաներն ու հաւատաւորները:
***
Սիրելի՛ Սամ եւ ընտանիք,
Տխուր է վաղահաս ճակատագիրը, բայց, դուք իրաւունք ունիք հպարտանալու եւ ոգեշնչուելու Լենային անմար յիշատակներով եւ ապրելու անոր պայծառ յուշերով: