ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Անի Նաճարեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Թալին Նաճարեան եւ դուստրը (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նազիկ Քէչէճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարիա Ինճէեան
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Ճէսի Նաճարեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Եղիա եւ Վալանթին Նաճարեան եւ զաւակունք
Տիկին Սիլվարդ Նաճարեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յարութ Տէր Յարութիւնեան եւ զաւակունք
Օրդ. Անի Տէր Յարութիւնեան (Հալէպ)
Տիկին Մարի Քահքէճեան եւ ընտանիք (Հայաստան)
Տիար Յովհաննէս Մելքիսէթեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Մելքիսէթեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Աննիկ Մելքիսէթեան եւ զաւակունք
Նաճարեան եւ Մելքիսէթեան ընտանիքներ
Գէորգեան եւ Աշգարեան ընտանիքներ
Քէչէճեան եւ Ինճէեան ընտանիքներ
Տէր Յարութիւնեան եւ Տէկիրմենճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռիին եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1933-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2026-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 4 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ շաբաթ, 5 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆի մահուան Բ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2026-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
2026-2027 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
– Հին եւ Նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները կը շարունակուին ամէն օր ժամը 8:30-12:30:
– Վերաքննութիւններ.– Երեքշաբթի, 8 եւ չորեքշաբթի, 9 սեպտեմբերին:
– ՎԵՐԱՄՈՒՏ.–
Թ. եւ ԺԲ. դասարաններ 16 սեպտեմբեր
Ա.- ԺԱ. դասարաններ` 23 սեպտեմբեր
Մանկապարտէզ` 1 հոկտեմբեր
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
