Կը պատմէ վաղեմի ընկերս՝ Պօղոս Ճապրայեան (Ճապրիկը).
Աշնանային օրուան մը երեկոյեան, որսորդական սովորութեան համաձայն, Պօղոսն ու քանի մը ընկերներ, մթնշաղին, մեր ծննդավայր Այնճար գիւղէն ճամբայ կ’ելլեն դէպի գիւղի խնձորենիներու պարտէզները՝ արծուանման թռչուն՝ փիրճուն որսալու։
Հոգելոյս հայրս ու մայրս աշխատասէր, տիւ ու գիշեր իրենց քրտինքովը հաց վաստկող մարդիկ էին։
Իրենց բնօրրանէն՝ Մուսա լեռէն, համագիւղացիներուն հետ բռնի տեղահանուած եւ գաղթականութեան դառն ճամբաներէն անցնելով՝ հաստատուած էին Լիբանանի Այնճար կոչուած փոշեծածկ տափաստանին մէջ։
«Աշխատասէր» բառը, որ հայրս ու մայրս կը բնորոշէր, նոյնքան կը պատշաճէր իրենց բոլոր համագիւղացիներուն։ Անոնց ճակատներէն հոսած քրտինքով, անոնց անխոնջ աշխատանքով ու հաւատքով՝ 1939-ին փոշիի ու քարերու այդ անշուք տափաստանը վերածուեցաւ դալարագեղ այգեստաններու՝ պտղատու ծառերով, կանաչութեամբ ու կեանքով շնչող նոր ու չքնաղ հայրենիքի մը։
Այդ երեկոյ, պարտէզի աշխատանքէն յոգնած հայրս իր իշուն վրայ նստած՝ մթնշաղին կը վերադառնար տուն։
Պօղոսը հեռուէն կը նշմարէ հօրս ստուերը եւ բարձրաձայն կը բարեւէ՝ բարեւի անուանակից մեր Մուսա լերան բարբառով.
– Բէրի իրիկօն, էվընկէ՛ջ։
Բարեւէն անմիջապէս ետք, առանց տատամսելու, որսորդական պայուսակէն մեծ նարինջ մը կը հանէ եւ կը փորձէ հրամցնել հօրս՝ իր անուանակիցին։
Հայրս կը պատասխանէ.
– Տղա՛ս, ես շուտով տուն պիտի հասնիմ, իսկ մեր տունը նարինջ ունինք։ Այդ նարինջը քեզի պէտք կ’ըլլայ։ Կը ծարաւնաս, կ’ուտես եւ կ’օգտուիս։
Պօղոս կը պնդէ, բայց հայրս դարձեալ կը մերժէ։
Այդ ատեն ընկերս, իր խորամանկ ու խոհեմ ժպիտով, լիբանանեան մեծ նարինջին մասին կ’ըսէ.
– Եթէ քեզի ըսեմ, թէ այս նարինջը ուրկէ՛ է, վստահ եմ՝ պիտի չմերժես զայն։
Հայրս պահ մը կը լռէ ու կ’ըսէ.
– Վա՜յ, տղաս Պօղոս… Չըլլայ թէ այս նարինջը…
– Այո՛, ճիշդ կռահեցիր, ամմօ Պօղոս,– կը պատասխանէ ընկերս՝ Ճապրիկը։– Ճէպէլ Մուսայէն է։
Այդ պահուն հայրս յուզախառն զգացումով մը ձեռքը կ’երկարէ եւ գուրգուրանքով ու շնորհակալ սրտով կը վերցնէ նարինջը։
Այդ նարինջը այլեւս սովորական նարինջ մը չէր։
Անիկա Մուսա լեռէն եկած եւ իր քովը հասած նարինջ մըն էր։
Տարիներ անց, Այնճարի Համազգայինի «Սեւումեան» թատերախումբի փորձերէն մէկուն դադարի պահուն, ընկերներն ու ընկերուհիները զուարճախօսութեամբ զիրար կը զուարճացնէին։ Վաղեմի ընկերս՝ Պօղոսը, որսորդական այդ ճամբուն վրայ պատահած դէպքը դերասանական ու համեմուած ոճով կը պատմէ իր դերասան խաղընկերներուն։
Յանկարծ քոյրս՝ Անին, ցնցուած կը բացագանչէ.
– Վա՜յ, Պօղոս, չըլլայ թէ այդ չորցած նարինջը, որ մեր ապակեայ գրադարանին մէջն է, քու տուած նարինջդ ըլլայ։ Հայրս զայն միշտ գուրգուրանքով այնտեղ կը պահէր։ Ամէն անգամ, երբ գրադարանէն գիրք մը կը վերցնէր, արցունքախառն աչքերով ու ակնածանքով կը նայէր Մուսա լեռան լանջերէն «բերուած» այդ չորցած նարինջին…
Արուեստասէր սիրողական դերասանները պահ մը կը քարանան։
Լռութիւնը կը խորանայ։
Պօղոս, յուզուած, գրեթէ շշուկով մը, արցունքի քանի մը կաթիլներով միասին, կ’ըսէ.
– Անի՛, պիտի խնդրեմ, շատ պիտի խնդրեմ, այս մէկը երբեք չբացայայտես հօրդ։
Այդ չորցած նարինջը տարիներ շարունակ մնաց մեր տան ապակեայ գրադարանին մէջ։
Բայց իրականութեան մէջ անիկա գրադարանին մէջ չէր միայն։
Անիկա հօրս սրտին մէջ էր։
Նարինջը Մուսա լեռան կորուսեալ տունն էր, մանկութեան արահետն էր, հայրենի նարնջենիներուն ու հողին բոյրն էր, ձորերուն ու աղբիւրներուն յիշատակն էր, ծննդավայրի կարօտն էր։ Անիկա այն աշխարհն էր, որ բռնութեամբ խլուած էր իրմէ ու իր համագիւղացիներէն, բայց հայրս երբեք չէր թողած, որ իր հոգիէն խլուին Մուսա լեռն ու իր բնօրրանը։
Եւ այսպէս, հայրս իր գիտակից կեանքի ընթացքին իր ընտանիքին համար տարբեր երկինքներու տակ չորս տուն կառուցեց՝ հաւատքով, աշխատանքով եւ անսահման զոհողութեամբ։ Բայց աւա՜ղ, ինքն ալ, ընտանիքին հետ միասին, մնաց տարագիր եւ իր մահկանացուն կնքեց Քանատայի օտար երկինքին տակ՝ իր հոգիին խորքը պահած Մուսա լերան անմար կարօտը։
Անգին հա՛յրս, ննջէ՛ խաղաղութեամբ։
Թող Քանատայի հողը, որ իր օտար երկինքին տակ ընդունեց քու բազմաչարչար մարմինդ, գուրգուրանքով գրկէ քեզ՝ իբրեւ արժանաւոր զաւակը այն մեծ ժողովուրդին, որուն պատմութիւնը գրուած է տեղահանութեան, կորուստի ու տառապանքի էջերով, բայց նաեւ՝ հաւատքով, աշխատանքով, յիշողութեամբ եւ վերապրելու աննկուն կամքով։
Եւ թող այն չորցած նարինջը, որ ժամանակին Մուսա լերան լանջերէն հասաւ քու ձեռքերուդ, այսօր ալ շարունակէ իր լուռ վկայութիւնը տալ։
Որովհետեւ անիկա այլեւս նարինջ մը չէ միայն։
Անիկա Մուսա լեռն է։
Անիկա կորուսեալ հայրենիքն է։
Անիկա հայուն չմարող կարօտն է ու մեր պապերուն անմոռաց յիշատակը։
Եւ աւելին՝ անիկա հայ ժողովուրդի յաւերժական երթին խորհրդանիշն է, որ որքան ալ տեղահանուի, որքան ալ հողմակոծուի ու ցրուի աշխարհի չորս ծագերուն, իր արմատները երբեք չի մոռնար եւ իր հայրենիքը երբեք իր սրտէն դուրս չի հաներ։
Մեր ժողովուրդը կրնայ տուն կորսնցնել, բայց տուն շինելու իր կամքը՝ երբե՛ք։
Կրնայ հող կորսնցնել, բայց հայրենիքի յիշողութիւնը՝ երբե՛ք։
Կրնայ աշխարհով մէկ ցրուիլ, բայց՝ իր ինքնութիւնը չկորսնցնել երբեք։
Եւ քանի դեռ հայը իր սրտին մէջ կը պահէ այդ չորցած նարինջին պէս սրբացած յիշատակները, Մուսա լեռը պիտի ապրի, հայրենիքի կարօտը պիտի ապրի, եւ հայ ժողովուրդը պիտի շարունակէ ապրիլ ու վերածաղկիլ սերունդէ-սերունդ, յիշողութենէ-յիշողութիւն, սրբազան հողէն մինչեւ երկինք։
Թորոնթօ
