Չինաստանը հաւանութիւն կու տայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի խօսքին այն մասին, թէ անհրաժեշտ է չմոռնալ այն փաստը, որ Ճափոնը ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան մէջ իբրեւ թշնամական պետութիւն նշուած է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լին Ցզիան:
«Չինական կողմը հաւանութիւն կու տայ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի յայտարարութեան: «Թշնամական պետութիւն» եզրը ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան կարեւոր կէտ է», ըսած է ան:
«Այս տարի կը լրանայ Թոքիոյի դատարանի 80-ամեակը: Թշնամական պետութեան մասին այս կէտի իմաստին յիշեցումը, ինչպէս նաեւ ատոր պարտադիր ուժի շեշտադրումը կարեւոր նշանակութիւն ունի չին ժողովուրդի` ճափոնական յարձակումին դէմ դիմադրութեան պատերազմին մէջ եւ Համաշխարհային հակաֆաշական պատերազմին մէջ ձեռք բերուած արդիւնքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ռազմականացման ուրուականի` կրկին ուժ հաւաքելու կանխարգիլման համար», աւելցուցած է չին դիւանագէտը:
Լաւրով 17 օգոստոսին, ԹԱՍՍ-ի խնդրանքով մեկնաբանելով Ռուսիոյ դեսպանին Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուիլը, Ճափոնին յիշեցուցած է, որ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութիւնը կ՛ամրագրէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի արդիւնքները, եւ լրագրողներուն կարդացած համապատասխան յօդուածը` նշելով, որ Ճափոնը սկիզբը «այս նոյն կանոնադրութեան մէջ նշուած է իբրեւ թշնամական պետութիւն եւ ՄԱԿ-ին միացած այն ատեն, երբ անցած է շատ ժողովուրդներու նկատմամբ իր ցեղասպանութեան քաղաքականութեան մեղքի քաւման ճամբայէն»:
Ան ընդգծած է, որ ՄԱԿ-ին անդամակցելու ընթացքին, Ճափոնը` ստորագրելով եւ վաւերացնելով կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը, ճանչցած է այդ փաստաթուղթի սկզբունքները «անոնց ամբողջ ծաւալով եւ անոնց ամբողջ փոխկապակցուածութեամբ»:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 13 օգոստոսին առաջին անգամ ըլլալով այցելած է Իթուրուփ կղզի: Ի պատասխան` Թոքիոն ռուսական կողմին վճռական բողոք յայտնած է: