Զախարովա. «Մոսկուան Բաց Է Թիֆլիսի Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Համար»

«Ռուսիան բաց է Վրաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու կարելիութեան համար, սակայն այս պահուն այդ հարցը օրակարգի վրայ չկայ»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա` պնդելով, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ Վրաստանէն:

«Մենք մէկ անգամ չէ, որ յայտարարած ենք, որ բաց ենք նման կարելիութեան համար, սակայն այսօր այդ հարցը օրակարգի վրայ չկայ», զրոյցի ընթացքին ըսած է Զախարովա:

Leave a Comment