Ազրպէյճան դատ բացաւ «Սի.Էն.Էն.»-ի դէմ` ամերիկեան լրատուամիջոցը մեղադրելով զրպարտութեան յանցանքով: Պաքուն կը պնդէ, որ «Սի.Էն.Էն.»-ը կեղծ տեղեկութիւններ տարածած է` գրելով, որ Ազրպէյճանը Իսրայէլին թոյլատրած է իր տարածքը օգտագործել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններու համար:
Ներկայացուած հայցը, «Պլումպըրկ»-ի համաձայն, կը վերաբերի յունիսին «Սի.Էն.Էն.»-ի հրապարակած յօդուածին, որուն մէջ կը նշուի, որ Իսրայէլ յատուկ ջոկատայիններ ուղարկած էր Ազրպէյճան` հետախուզութիւն իրականացնելու եւ յարձակումներ գործելու համար: Անոնց շարքին էր 4 մարտի յարձակումը, որուն իբրեւ հետեւանք սպաննուած էր Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հետախուզութեան պետը:
Ըստ պաշտօնական Պաքուի, այս յօդուածը «անպատասխանատու կերպով սրած է աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնը առանց այդ ալ տագնապալի տարածաշրջանին մէջ»` վտանգելով Ազրպէյճանի չէզոք դիրքորոշումը եւ վատթարացնելով Իրանի հետ յարաբերութիւնները:
Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ յօդուածին հեղինակը յայտնի է իր «հակաազրպէյճանական դիրքորոշումով», իսկ «Սի.Էն.Էն.» «տեղեակ եղած է» այս մասին:
«Սի.Էն.Էն.»-ի կեղծ պնդումները ճշգրիտ հաշուարկուած են` Ազրպէյճանը շրջանային պատերազմի մէջ ներքաշելու համար», կը նշուի դատական դիմումին մէջ:
«Սի.Էն.Էն.»-ի խօսնակը այս մասին «Պլումպըրկ»-ին ըսած է, որ լրատուամիջոցը որեւէ ձեւով կասկածի տակ չի դներ յօդուածին հաւաստիութիւնը: