Պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսա բանակի նահատակներու հարազատներէն ներում հայցեց, որ չէ կրցած բանակին ձայնը լսելի դարձնել, «երբ բանակին ձայնը պէտք էր լսուէր: Խորհրդարանին մէջ խօսքը լռեց, եւ մէջս միայն նահատակներուն ձայնը բարձր մնաց»:
«Երէկ բանակին արգիլուեցաւ խօսիլ, սակայն նահատակներուն արիւնը խղճիս մէջ խօսելէ չարգիլուեցաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թող իմանան անոնք, որոնք բանակին նկատմամբ աչք փակեցին, թէ բանակը որեւէ վէճի մէջ կողմ չէ, ո՛չ ալ խաղաքարտերու, որոնք կարելի է օգտագործել ու մէկդի նետել: Բանակը այս հայրենիքին համար վստահութեան վերջին աղբիւրն է, եւ անոր նահատակուած որդիները այդ օր Լիբանանին չհարցուցին, թէ «որո՞ւ կը պատկանինք»: Փոխարէն անոնք հարցուցին. «Ինչպէ՞ս զայն պաշտպանենք»:
«Ներողութիւն կը խնդրեմ նահատակներէն` անոնց ընտանիքներէն առաջ, որովհետեւ չկրցայ անոնց ձայնը լսելի դարձնել, ինչպէս անոնց արիւնը արժանի է: Սակայն անոնց կը խոստանամ. լռութիւնը ճակատագիր պիտի չըլլայ, եւ երէկուան դաւաճանութիւնը պատմութեան աւարտը պիտի չըլլայ», եզրափակեց Մնասսա:
Աւելի ուշ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ բարձրաստիճան սպաներու հետ այցելեց Եարզէի մէջ պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակ եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնեց «զինուորական հաստատութեան աջակցող դիրքորոշումներուն համար եւ բարձր գնահատեց բանակի նահատակներուն ու անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ իր կեցուածքները»:
Բանակի հրամանատարը այս առիթով խօսքը նախարար Մնասսային ուղղելով անդրադարձաւ առաւօտեան պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան եւ ըսաւ. «Նահատակներուն ընտանիքները չհիասթափեցուցիր եւ երբեք պիտի չհիասթափեցնես: Մեր գլուխները բարձրացուցիր, բանակին գլուխը բարձրացուցիր»:
«Զինուորական հաստատութեան նպատակները հայրենասիրական են, եւ անիկա Լիբանանը կը պաշտպանէ եւ անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանէ: Բանակի տարազը կրողներուն մէջ համայնք գոյութիւն չունի», շեշտեց զօր. Հայքալ: