Նախարարաց խորհուրդը երէկ վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ գումարեց ժողով մը, որմէ բացակայեցաւ պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան:
Նիստին ներկայ էին նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրն ու վարչապետարանի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքիէն:
Յիշեցնենք, թէ երեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ խորհրդարանին մէջ պաշտպանութեան նախարարին ու վարչապետին միջեւ նախարար Մնասսայի համաներումի օրէնքի օրակարգի քննարկման ընթացքին խօսք մը արտասանելու եւ բանակի հրամանատարութեան դիրքորոշումը փոխանցելու հարցին շուրջ բուռն վէճ տեղի ունեցած է, եւ Սալամ նախարարին արգիլած է խորհրդարանական նիստին մասնակցիլ:
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ օրակարգի քննարկման ընթացքին խօսք առնելով յայտնած էր, որ պաշտպանութեան նախարարին ըսած է, թէ ինք կառավարութեան անունով պիտի խօսի, ուստի կառավարական այլ խօսքի կարիք չկայ, եւ հերքեց, թէ նախարարէն պահանջած է խորհրդարանական նիստին ներկայ չգտնուիլ: