Իբրեւ Արձագանգ Վերա Եագուպեանի Յօդուածաշարին Եւ Անոր Անդրադարձող Վարագ Գեթսեմանեանի Գրութիւններուն

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ինչպէս նախորդները, նոյնպէս եւ յիշեալ յօդուածագիրներու «Ազդակ»-ի մէջ հրատարակած վերջին գրութիւնները կարդալով` ունեցայ այն հրճուանքը, զոր կ՛ունենաս,  երբ լուռ ու ամայի տարածութեան մէջ ինկած ես եւ ահա կը լսես կենդանութեան նշան տուող  ձայներ:

Քիչ  չեն գրողներ, որոնք կը գրեն իրենց ներկայութիւնը զգացնելու համար: Ինչ որ նկատած եմ, այս երկուքը` Վերա Եագուպեանն ու Վարագ Գեթսեմանեանը, կը գրեն, երբ նորովի ըսելիք ունին: Այն ձայներէն չեն, որոնք, թէեւ կը պայքարին հինին` հաստատունեկանութեան (էսթամպլիշմընթի) դէմ, կը մերժեն հինը ու չեն ուզեր զայն, բայց չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն: Այս երկուքը գիտեն, թէ ի՛նչ չեն ուզեր, գիտեն նաեւ, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն եւ իրենց մտածումները  յաջող դասաւորումով ու համարձակութեամբ ու յաճախ խորքային չպեղուած խնդիրներ մակերես բերելով` ընթերցողին կը ներկայացնեն այնպիսի յղկուած հայերէնով մը, որ կը կարդաս ու քէֆդ կու գայ…

Խնդիրը այն չէ, թէ իրենց ըսածին համաձա՞յն ես, թէ՞ չես: Առաջարկուած նորը ընդունելի՞  կամ իրագործելի՞ է, թէ՞ չէ եւ կամ գործնական ըլլալու հաւանականութիւն ունի՞, թէ՞ չունի: Կարեւորը եւ աչքի զարնող գնահատելին այն է, որ հայագաղութէ մը երկու գրիչներ յանդգնած են փնտռտուքի ելլել`  նոր ուղի մը գտնելու  մղումով, որպէսզի անհաղորդ ու շուար կացութեան մատնուած սփիւռքահայ կեանքին մէջ բեկում յառաջացնեն, վերափոխեն այդ կացութիւնը եւ վերակառուցեն նորը: Եւ իրենց փնտռտուքին մէջ կը քանդեն մտածումի թապուն, որ ահա տարիներէ ի վեր գրեթէ կաղապարի վերածուած կարգախօսներով կը կաշկանդէ մտածումի ազատութիւնը եւ արգելք կ՛ըլլայ անոր…

Այս կէտին կրնայի աւարտել իմ այս անդրադարձ-արձագանգը եւ համակարգիչս փակել, քանի որ ըսելիքս ըսած եղայ, եւ քանի նպատակս ո՛չ բանավէճին մասնակցիլ է եւ ոչ ալ յօդուածներուն վերլուծական քննարկում կատարելը: Բայց առիթը յարմար նկատելով  եւ իբրեւ մտածումի խայծ` թեթեւակի երկու նշումներ կատարեմ ու անցնիմ`  առանց կենալու անոնց վրայ:

Վերա Եագուպեանը իր յօդուածը վերնագրած է «Մէկ ազգ, մէ՞կ համակարգ»: Վարագը իր արձագանգով համաձայն է «Մէկ ազգ» բանաձեւին, բայց հարցականի տակ կը դնէ «մէկ համակարգ»-ը եւ հպանցիկ, առանց յստակացնելու, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէ, ակնարկութիւն մը ունի «բազմակեդրոն ցանց»-ի մը մասին…

Ա.- Կասկած չկայ, որ ազգը մէկ է, ինչպէս եւ` հայրենիքը: Բայց խնդիր կայ, թէ ամէն ազգային ինչպիսի՛ն կը պատկերացնէ իր ազգը եւ ինչպիսի՛ հայրենիք կ՛ուզէ ունենալ: Համաշխարհային պատմութեան մէջ քիչ չեն պարագաներ, որ պատկերացումի տարբերութիւնները այնքան խորանան, որ` վտանգած ըլլայ ազգի «մէկ»-ութիւնը, նոյնպէս` հայրենիքի: Ահա թէ ինչո՛ւ ազգի միասնութեան կարգախօսի տեղին, նոյնիսկ անտեղի կրկնութիւնը վնասակար պիտի չնկատուի, որպէսզի  պատկերացումի տարբերութիւնները չսպառնան ազգի «մէկ»-ութեան:

Բ.- Անջրպետէն երկիր չեն իջած ճարտարապետ ուղեղներ  ու հայագաղութները չեն օժտած  կառուցային այն դրուածքով, զոր ունին անոնք ներկայիս: Գաղութահայ հանրութիւնը ստեղծած է իր կառոյցը կամ հանդուրժած է զայն, ընդունած, համակերպած կամ նոյնիսկ իւրացուցած է զայն երկար տարիներու ընթացքին եւ այդ դրուածքը կազմած է հանրութեան անցեալը եւ յիշողութիւնը, թէկուզ եւ այդ կազմութեան դրդապատճառ-մղումը շահադիտական եղած ըլլայ կամ ժամանակի հոլովոյթով անհատական, կուսակցական կամ կրօնական շահառուներ գոյացած ըլլան անկէ: «Մէկ համակարգ»-ի տեսլականը գեղեցիկ է, թերեւս նաեւ` օգտակար, բայց կը կարծեմ, թէ անկարելի ըլլալու աստիճան դժուար իրագործելի է ան, քանի որ հայագաղութներու մէջ գոյացած են կուսակցական եւ կրօնական հեղինակութիւններ (թերեւս նաեւ` շահառուներ), որոնք պիտի չզիջին իրենց  դիրքերը եւ զանոնք կամովին յանձնեն անծանօթ համակարգի մը: Նկատի ունենալ նաեւ այն իրողութիւնը, որ հանրութիւնը ընդհանրապէս մեծ պահպանողականն է, կ՛ուզէ պահել այն, ինչ որ ունի, նոյնիսկ եթէ ունեցածը անբաւարար է, քանի գիտէ, թէ ինչ ունի եւ ապահովն է ան եւ այն, եւ այլն:

Իսկ «ցանցային կեդրոններ»-ու Վարագ Գեթսեմանեանին պատկերացումը յստակացման կարիք ունի:

Իբրեւ եզրափակում` կ՛արձանագրեմ. անշուշտ, որ ՆՈՐ-ը ունի իր կախարդանքը, ունի նաեւ իր վտանգը: Գրողին, մտաւորականին, նաեւ ղեկավարին յատկութիւնն է ստեղծել ու ստեղծագործել ՆՈՐ-ը, հմայուիլ ՆՈՐ-ին  կախարդանքէն` միաժամանակ մտահան չընելով անոր հաւանական վտանգը…

Աթէնք, 5 օգոստոս 2026

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ

 

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ

 

https://www.aztagdaily.com/archives/698065

Leave a Comment