Հ. Պ.
Անցեալ մարտ ամսուն Քարանթինայի «Զոքաք» թատրոնը պարտադրուեցաւ փակման: Այս աւարտը յիշել կու տայ 2016-ին նոյն ճակատագիրին արժանացած Համրայի «Պապել»-ը, 2023-ին` Զոքաք էլ Պլաթի «Մանսիոն»-ը եւ ազատ փորձառական թատրոնի այլ տարածքներ: Այս երեւոյթը մշակութային համայնապատկերի փոփոխութեան ազդանիշ է:
Ամբողջ 20 տարի «Զոքաք»-ի արտադրութեան եւ մարդուժի պատրաստութեան ձեւաչափը մարտահրաւէր մըն էր ոչ միայն Լիբանանի, այլ նաեւ` ամբողջ արաբական շրջանին համար: Փորձը բախեցաւ ոչ թէ գեղագիտական, այլ ֆինանսաւորման խոչընդոտի: 2008-ին Ֆըրն էլ Շըպպեքի յարկաբաժինի մը մէջ սկիզբ առած թատերախումբը որդեգրած էր աշխատանքի հաւաքական-հորիզոնական ձեւաչափը: Անդամները Լիբանանեան համալսարանի թատերական բաժնի շրջանաւարտներ էին: Տան վարձքը իրենց մէջ կը բաժնուէին: Անոնց առաջադրանքն էր իսրայէլեան յարձակումին պատճառած հոգեկան հետեւանքները դիմագրաւել: 2016-ին թատերախումբը որոշեց աւելի լայն տարածք մը վարձել: Այդ հասկնալիօրէն գտնուեցաւ միայն Քարանթինայի մէջ: Կազմակերպեց փոքրերու եւ չափահասներու աշխատանքի նիստեր, «Զոքաքի մայթեր», «Զոքաքի պատշգամներ» եւ «Զոքաքի քուլիսներ» փառատօները:
Տոմսերու եւ տարածքի այլ խումբերու վարձակալութեան հասոյթը հազիւ թէ գոցէ ելքին 20 տոկոսը: Օտար հաստատութիւններ անցեալ հոկտեմբերին դադրեցուցին իրենց օժանդակութիւնը: «Զոքաք»-ի տագնապը եզակի չէ: Պետական ֆինանսաւորումը կենսական է: Այդ տակաւին կը կատարուի Արեւմուտքի մէջ:
«Մշակութային դաշտը» բազմազան է: Այդտեղ կը մրցին այլազան «դիրք»-եր: Pierre-Bourdieu-ի «Արուեստի կանոնները» (Les rՌgles de l’art 1992) ուսանելի է այս ուղղութեամբ: Հարցը լոկ նիւթական չէ: Ինչպիսի՞ կառուցային փոփոխութիւններու պէտք է ենթարկուի թատրոնը, որպէսզի կարենայ պահպանել իր ընկրկող դիրքերը: Արեւմուտքի մէջ սկսած է իշխել թատրոնի «յետտրամաթիկական» յարացոյցը, որ ցաւօք ապաքաղաքականացում կը նշանակէ` ըստ իս:
Ծանօթ.- Այս տոմսը հիմնուած է թատերախումբի հրապարակած տեղեկատուութեան վրայ: