Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ պահեստանոցներ, մարտական միջոցներ, հրամանատարական կեդրոններ եւ այլ ենթակառոյցներ յարձակումի ենթարկեցինք»:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ յարձակումները հակադարձութիւն են Մաժտալ Զուն գիւղի մերձակայքին մէջ պայթումին պատճառով երկու զինուորներու սպանութեան եւ չորս ուրիշներու վիրաւորուելուն», աւելցուց բանակը:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարեց. «Կը շարունակենք հարաւային Լիբանանի ապահովական շրջանին մէջ համաձայնութեան հիմամբ մեր տեղակայումը»:
ՖԻՆԻՒԼ իր կարգին նշեց, որ երէկ իսրայէլեան բանակին կողմէ Լիբանանի հարաւին դէմ 113 հրթիռներու արձակում նկատած է, ինչ որ 21 յունիսէն ի վեր արձանագրուած մեծագոյն թիւն է: